
Արամ Ա. կաթողիկոս Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան մեկնեցաւ Լոս Անճելըսէն, աւարտելէ ետք Արեւմտեան թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութիւնը։
Վեհափառին այցելութեան պաշտօնական բաժինը վերջ գտած էր Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ին։ Երեքշաբթի երեկոյեան, կաթողիկոսին ողջերթ մաղթելու համար օդակայան կը գտնուէին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան ու թեմի Ազգ. վարչութեան անդամներ եւ ներկայացուցչական այլ դէմքեր։
Հովուապետական 20օրեայ այցելութիւնը եղաւ կատարեալ յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի պատմութեան մէջ արձանագրեց յիշատակելի էջեր։ «Հաւատքով կը կերտենք» նշանաբանով կայացած այցելութեան ընթացքին, վեհափառը եղաւ մեր ժողովուրդին ու մեր կրթական հաստատութեանց հետ, Լոս Անճելըսի, Ֆրեզնոյի, Լաս Վեկասի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Այցելութեան հիմնական նպատակներն էին

վերանորոգում հոգեւոր կեանքի, վերակենսաւորում Հայ դպրոցի դերին ու նոր մղում՝ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն։ Այս իմաստով, վեհափառին պատգամները երախտագիտութեամբ ընկալուեցան թեմի ժողովականութեան ու հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ՝ ընդհանրապէս, եւ անոնք պիտի կենսաւորեն յառաջիկայ աշխատանքի դաշտերը։
Բարի երթ՝ վեհափառ հայրապետին։