ՊԷՅՐՈՒԹ.- Բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի, կազմակերպութեամբ «Տիսքօ Եանկ»ի եւ դերասանութեամբ Փոլ Մինասեանի, Կարէն Տարագճեանի եւ Սագօ Օհանեանի, Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Մոնօ» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուելու Վահէ Պէրպէրեանի հեղինակած «Պարոն Կարպիս» թատերգութիւնը:
Երեք դերասանները խորքին մէջ ներկայացուցիչներն են երեք տարբեր սերունդներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մտածելակերպը, իր համոզումներն ու կեանքին նկատմամբ իր մօտեցումները: Պարոն Կարպիսը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերը ապրած անձ մըն է, որ պայմաններու բերումով, տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր կ՛ապրի իր զաւակին՝ Ժիրայրի հոգատարութեան տակ, սակայն տակաւին կապուած է իր սովորութիւններուն եւ հին կենցաղին: Անոր զաւակը կը փորձէ իրեն բացատրել, թէ կեանքը այլ կերպով կ՛ընթանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մինչ թոռը՝ Խաժակ, ներկայացուցիչն է երրորդ սերունդի մը, որ կ՛ապրի ամբողջովին այլ սկզբունքներու հիման վրայ:
Ներկայացման ընթացքին այս երեք տարբեր սերունդներու միատեղումէն կը ծնին տարբեր կացութիւններ, տարբեր պատկերներ եւ իրականութիւններ, որոնց մէջ հիմնականօրէն կ՛արտացոլայ այն, թէ իր արմատներէն հեռացած անձ մը, այս պարագային՝ պարոն Կարպիսը, որքա՛ն դժուարութեամբ կրնայ ընտելանալ այլ միջավայրի եւ հաշտուիլ անոր հետ: