
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 2ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) երկրաշարժի պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան հիւսիսային բաժինի պետ Սերգէյ Նազարէթեան յայտնեց, թէ Վանի երկրաշարժէն ետք, մեր պատմական հայրենիքին մէջ գտնուող յուշարձանները հաւանաբար վնասուած ըլլան: «Ութ բալի դէպքում, յուշարձանները ստանում են վնասուածքներ, իսկ երբ ցնցումները հասնում են տասը բալի, եկեղեցիները կա՛մ խոնարհւում են, կա՛մ շատ վնասուածքներ են ստանում: Վանի երկրաշարժը Սպիտակի երկրաշարժի կարգին էր, մի փոքր էլ աւելի՛», յայտնեց ան:
Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, իր կարգին կարծիք յայտնեց, որ երկրաշարժէն առաջ իսկ, կայուն վիաճակ ունէին շատ քիչ յուշարձաններ: «Երկրաշարժից յետոյ քանդուած կը լինեն Սքանչելագործի վանքը, Սուրբ Գէորգ վանքի վերջին շինութիւնը, հնարաւոր է՝ վնասուած լինեն Սուրբ Ստեփանոսի Արգելանի վանքերը: Սա Թուրքիայի համար շատ լաւ հնարաւորութիւն է՝ վերացնելու հայկական յուշարձանները», ըսաւ Կարապետեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքին գտնուող յուշարձաններուն՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի պատմութեան եւ յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Լոռվարդ Առուշանեան նշեց, թէ այդ յուշարձաններուն մեծ մասը կը գտնուի վթարային վիճակի մէջ. «Եթէ կառոյցի որեւէ մասը չկայ, նրա երկրաշարժի հանդէպ կայունութիւնը կտրուկ նուազում է: Կառոյցն ամբողջացնելու դէպքում՝ երկրաշարժի հանդէպ կայունութիւնը եւս կը կայունանայ: Առաջնային նպատակ պէտք է լինի ոչ թէ երկրաշարժի հանդէպ կայունութիւնն ապահովելը, այլ՝ յուշարձանի ճիշդ վերականգնումը՝ իր նախնական նիւթով ու կառուցուածքով», բացատրեց ան:
Միւս կողմէ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան նաեւ տեղեկացուց, որ 2009ին կատարուած հետազօտութեան մը համաձայն, 26 յուշարձան ընտրուած է՝ իբրեւ առաւել վտանգաւոր: Իսկ Սերգէյ Նազարէթեան աւելցուց, թէ 7-11րդ դարերուն կառուցուած եկեղեցիները աւելի կայուն են, քան անոնցմէ ետք կառուցուածները։