ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պերլինաբնակ հայ բռնցքամարտիկ, IBF-ի Բռնցքամարտի միջազգային դաշնակցութեան վարկածով երկրորդ միջին կշիռքի կարգին մէջ աշխարհի բազմակի ախոյեան Արթուր Աբրահամ մտադիր է Յունուարին վերադառնալ հարթակ եւ կրկին նուաճել աշխարհի ախոյեանի կոչումը: Այս մասին բռնցքամարտիկը յայտնած է գերմանական «Պիլտ» հանդէսին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան տակաւին չէ որոշած իր ապագայ մրցակիցը, բայց ամէն պարագայի, իր մրցակիցը պէտք է ըլլայ նոյն քաշային կարգին մէջ աշխարհի 10 լաւագոյն բռնցքամարտիկներէն մէկը: