ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Թոշակային համակարգէն ներս մեքենայութիւններ իրականացնելու մեղադրութեամբ ձերբակալուած են Լոնկ Այլընտի երկաթուղիի ինը աշխատակիցներ եւ երկու բժիշկներ, որոնց կարգին՝ բժիշկ Փիթըր Աճէմեան:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի հաղորդած լուրին, աշխատակիցները կեղծ փաստաթուղթերու ձեւակերպումով հնարաւորութիւն տուած են իրենց գործընկերներուն հաշմանդամութեան տարբեր աստիճաններու կարգավիճակ ստանալու, շնորհիւ որուն, վերջիններս պետութենէն ստացած են հաշմանդամութեան թոշակներ:
Կեղծարարները փաստաթուղթերու համար կը պահանջէին 1000-1500 տոլար: Միաժամանակ հայազգի բժիշկը 2004 թուականէն ի վեր, Լոնկ Այլընտի երկաթուղիի ընկերութեան դիմած է իբրեւ ընկերութեան բժիշկ, 734 հաշմանդամ հիւանդներու բուժման ֆինանսական միջոցներու յատկացման համար: Արդարեւ, Փիթըր Աճէմեան հաշմանդամութեան ձեւակերպումներու իր հաշուեհամարով ստացած է 2.5 միլիոն տոլար:
Նշենք, որ սոյն գործողութեան իբրեւ արդիւնք, Լոնկ Այլընտի երկաթուղիի աշխատակիցներուն 90 տոկոսը, աշխատանքէն անցնելով թոշակի՝ դարձած է հաշմանդամ: