ՊՈԼԻՍ.- Շաբաթ, 29 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:15ին, «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ «Երեկոյեան Իսթանպուլ» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէն մը, ուր մեծ բաժին մը յատկացուած էր «Լուսաւորի»չ երգչախումբի մենակատար Սերճան Կազերօղլուի եւ երգչախումբին կողմէ Կոմիտասի յօրինումներու մեկնաբանութեանց։ Ժապաւէնը, որ գլխաւորաբար Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու մասին էր, յոյներու եւ հրեաներու մասին ալ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր։
Ժապաւէնին մէջ ցուցադրուեցան դրուագներ Յակոբ Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ «Լուսաւորի»չ երգչախումբին կողմէ 2007ին, «Լիւթֆիւ Գըրտար» համերգասրահին մէջ սարքուած համերգէն ու «Օրհներգ»ի մեկնաբանութենէն, ինչպէս նաեւ Սերճան Կազերօղլուի կատարումով «Անոյշ» օփերայէն արիա մը, Յակոբ Մամիկոնեանի եւ Սերճան Կազերօղլուի հետ կատարուած կարճատեւ հարցազրոյցները։ Նոյն ժապաւէնին մէջ պատմուեցաւ նաեւ 1915ի աղէտէն ետք Կոմիտաս վարդապետի ողբերգական կեանքին մասին եւ այս նիւթին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Բագրատ Էսթուքեանի կողմէ: