Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմին շնորհած հովուապետական այցելութիւնը Կիրակի, Հոկտեմբեր 23ի գիշերը պաշտօնապէս փակուեցաւ յիշատակելի հանդիսութեամբ մը։ Արդարեւ, վեհափառը հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի 30րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90րդ տարեդարձն էր։ Այս առիթով, վեհափառը եղաւ Մոնթեպելլոյի ծխական համայնքին հետ, աղօթք մատուցանեց տաճարին մէջ, ապա, ծխական համայնքը ի պատիւ կաթողիկոսին, կազմակերպած էր ճաշկերոյթի հանդիսութիւն մը, նշելու համար զոյգ յոբելեանները։
Վեհափառը Ս. Խաչ Մայր տաճար ժամանեց երեկոյեան ժամը 6ին, ուղեկցութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն։ Հայրապետական շքախումբը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւներուն, հոգաբարձութեան, ժողովականութեան ու Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Վեհափառն ու ընկերակիցները տաճար առաջնորդուեցան «Հրաշափառ»ով։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր տաճարը։
Առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց, որ վեհափառը, ընդառաջելով իր ու թեմի ժողովականութեան հրաւէրին՝ հովուապետական այցելութիւն մը շնորհած է մեզի, եւ ահա, աւելի քան երկու շաբաթ տեւած այցելութիւնը վերջ կը գտնէ այս երեկոյ, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի ամէնէն վաղեմի եկեղեցիներէն՝ Ս. Խաչի յարկին տակ։ Առաջնորդը յիշեցուց, որ ամէն տարի, եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը կը տօնուի Վերացման Խաչի տօնին, իսկ այսօր, ուշագրաւ զուգադիպութեամբ մը, վեհափառը ծխական այս ընտանիքին հետ է Գիւտ Խաչի տօնին օրը, իր օրհնութիւնները բաշխելու համար հաւատացեալներուն ու իր պատգամով գօտեպնդելու ծառայողները։
Վեհափառը գոհունակութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, իր այս այցելութեան յաջող լրումին ու Ս. Խաչ Մայր տաճարի յարկին տակ գտնուելուն առիթով։ Ան իր օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն ու շրջանիս հայութեան՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի աւելցնէ բոլորին հաւատքը, յոյսն ու սէրը։
Արարողութեան աւարտին, Կիրակնօրեայի աշակերտները երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ Հայրապետական մաղթանքը։
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Արարողութենէն ետք, վեհափառն ու շքախումբը, հաւատացեալներուն հետ միասին, անցաւ «Ղուկասեան» սրահ, ուր կազմակերպուած էր տաճարի 30ամեակին ու եկեղեցւոյ 90ամեակին նուիրուած տօնախմբութիւնը։ Ներկայ էին, թեմիս ու ծխական շրջանի ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողքին՝ պետական անձնաւորութիւններ ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր, որոնց շարքին՝ խորհրդարանի անդամներ՝ Չաք Քալտերոն, Թամ Քալտերոն, Էնթընի Փորթանթինոյի ներկայացուցիչը, Լոս Անճելըս գաւառի կալուածներու արժեւորող Ճան Նոկեզ, Մոնթեպելլօ, Փիքօ Ռիվերա եւ Մոնթերէյ Փարք քաղաքներու քաղաքապետներ ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, Մոնթեպելլոյի հանրային վարժարաններու համակարգի ներկայացուցիչը, եւ Լոս Անճելըս քաղաքի դատախազի գրասենեակին վարիչը։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց Նազարէթ Ծատուրեան։ Խօսք առին Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան։ Պետական անձնաւորութիւններ ողջոյնի եւ բարեմաղթութեանց հռչակագիրներ յանձնեցին վեհափառին ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
«Մեսրոպեան» վարժարանի աշակերտները հրամցուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կազմուած էր երգերու եւ արտասանութիւններու փունջով մը։
Իր պատգամը տալու համար վեհափառը հրաւիրելով՝ առաջնորդը նշեց, որ զոյգ ամեակները խորքին մէջ ծառայութեան ուխտի վերանորոգութեան առիթ են բոլորիս համար։ Ան անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վեհափառին՝ իր շնորհաբեր այցելութեան համար, եւ հաւաստեց, որ գաղութը իմաստութեամբ ու ծառայութեան ոգիով պիտի շարունակէ գործել՝ վասն եկեղեցւոյ պայծառութեան ու Աստուծոյ փառքին։
«ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ»
Վեհափառը օրհնութեամբ ու գնահատանքով ողջունեց ներկաներն ու Քալիֆորնիոյ հայութիւնը։ Ան կանգ առաւ հայութեան կեանքին մէջ եկեղեցւոյ ու դպրոցի կարեւորութեան ու կենսական արժէքին վրայ՝ շեշտելով, որ անոնք հայութեան համար ինքնութեան կերտումի ու պահպանման աղբիւր են։ Վեհափառը յորդորեց հայութեան զաւակները, որ տէր կանքնին հայու ինքնութեան ու նոր սերունդները տոգորեն այդ ոգեղէն հարստութեամբ։ Աւելին, ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ այս քաղաքը իր հողին վրայ բարձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը, որ մնայուն պատգամ է բոլորիս համար, եւ ընդգծեց մեր Դատին ու պահանջատիրութեան հաւատարիմ մնալու հրամայականը, մեր իրաւունքներուն հետապնդման հզօրացման պահանջը, նկատել տալով, որ մեր եկեղեցին ու հայ դպրոցը առանցքային դեր ունին նաեւ այս առաջադրանքին մէջ։