
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- «Ուիթիըր Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Արեւելեան Լոս Անճելըս այցելութեան մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Տայան Ֆայնսթայն Հինգշաբթի օր այցելած է Մոնթեպելլոյի Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանը՝ ծաղկեպսակ մը զետեղելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: