ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Միայն Խաչին նուիրուած տօներուն առիթով չէ որ կը մտածենք խաչի մասին: Մեր մէջ կան քրիստոնեաներ, եւ շատ հաւատացեա՛լ քրիստոնեաներ, որոնք նուազագոյն նեղութիւնը կրած պահուն խաչի մասին կը մտածեն: Սակայն, երանի՜ թէ Քրիստոսի խաչափայտը ըլլար իրենց հետաքրքրութեան առարկան այդ պահուն, ինչպէս ըրաւ Ս. Հեղինէ բարեպաշտ թագուհին4 Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, երբ 327 թուականին, մասնաւոր պեղումներով Գողգոթայի բլրան վրայ, յայտնաբերել տուաւ Տիրոջ իսկական խաչափայտը:
Մեզմէ շատերուն մտածումը խաչի առնչութեամբ, չարչարանքի կամ նեղութիւններու իմաստին շուրջ կը դեգերի, երբ դժուարութիւններով շրջապատուած ենք եւ գրեթէ կորսնցուցած անելէն դուրս գալու յոյսը: Նման պարագաներու, ճնշումը այնքան ծանր կ՛ըլլայ, որ անտանելի խաչի ծանրութիւն կը զգանք մեր վրայ ուսերուն, որուն տակ կքելու ամէն հաւանականութիւն յստակօրէն կը պարզուի մեր աչքերուն դիմաց:
Պայման չէ՛ որ միայն հաւատքի մէջ տկար անձեր նման կացութիւններու մատնուին: Հաւատքով զօրաւոր ու կեանքի դժուարութեանց դիմաց տոկուն մարդիկ ալ կրնան նոյն փորձութիւններուն ենթարկուիլ: Նոյնիսկ Քրիստոսի աշակերտները կրեցին այդպիսի դժուարութիւններ, եւ մինչեւ իսկ ապրելու յոյսը կորսնցուցին: Պօղոս առաքեալ դէպի Իտալիա իր ճամբորդութեան ընթացքին փոթորիկի բռնուելով, կը պատմէ այն անյուսութեան պահերը զոր ապրեցան ի՛նք եւ իր հետ նաւողները, առանց վարանելու ըսելով, թէ «փրկութեան ամէն յոյս կորսնցուցինք» (Հմմտ Գրծ 27.20):
Մօտէն թէ հեռուէն մեր վրայ ազդեցութիւն գործող նեղութիւնները սակայն, խորքին մէջ անհամեմատելի են այն խաչին հետ, զոր Յիսուս ի՛նք կրեց: Կասկած չկայ, որ ատոր նիւթական իմաստը նկատի չունինք այստեղ: Որովհետեւ ամէնէն խիտ ու ծանրակշիռ փայտով շինուած խաչն անգամ պիտի չունենար ա՛յն ծանրութիւնը, որ աշխարհի ամբողջ մարդկութեան մեղքերուն ծանրութեան փոխաբերական նշանակութիւնը ունեցող Փրկչական խաչափայտը ունեցաւ:
Չկայ մարդ էակ, որ կեանքի դժուարութիւններու մատնուած չըլլայ իր ապրած օրերու ընթացքին: Ատիկա գերմարդկային կեանքի բնակիչ պիտի ըլլայ եւ կամ ոգեղէն էակ, որ ճաշակած չըլլայ այս կեանքին դառնութիւնները: Ամէնէն երջանիկ կարծուած մարդն իսկ կրնայ այս կամ այն չափով հարուած ստացած ըլլալ կեանքի ալեկոծեալ ծովուն մէջ:
Կեանքէն պատճառուող դժուարութիւններու դիմաց գտնուող մէկը, որուն այնպէս կը թուէր, թէ ամէնէն ծանր «խա»չը ի՛ր ուսերուն դրուածն է, յուսահատական արտայայտութիւններ կ՛ունենար: Ան կը բողոքէր ո՛չ միայն իր սեւ բախտին համար, այլ նոյնիսկ դադրեցուցած էր իր աղօթքը, յուսահատելով երկինքէն գալիք օգնութեան սպասելէն: Հակառակ անոր որ իր գիտակից ամբողջ կեանքը եղած էր հաւատքի կեանք, սակայն դժուարութեան դիմաց ընկրկելով, իր բողոքը կը բարձրացնէր նոյնիսկ առ Աստուած:
Այսպիսի պարագաներու դիմաց, հոգեպէս պաշտպանուած անձեր, մխիթարականէ անդին՝ քաջալերական արտայայտութիւններով կը գօտեպնդեն յուսահատողը, եւ չեն թողուր որ ան իր տագնապին զոհը երթայ, յուսալքումի փլատակներուն տակ թաղելով ապագայ իր երազները: Մեր կեանքին ամէն մէկ օրը ունի իրեն յատուկ պայծառ գոյնը: Ափսոս պիտի ըլլար յուսահատական մէկ պահուան մութին հետ փոխանակել գալիք բազմաթիւ վառ արշալոյսները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր արեւով կրնայ ջերմացնել հարիւրաւոր սիրտեր…:
Տառապող անձը քաջալերանքի արտայայտութիւններով գօտեպնդողը, առաջին հերթին կը թելադրէ անոր, ինքնաքննութեան ենթարկել իր անձը: Ինչ-ինչ հարցեր կրնան ժամանակի ընթացքին կուտակուած ըլլալ, որոնք ներկայ դժուարութեան տուն տուած կրնան ըլլալ: Իմ ճանչցած կրթական վաստակաւոր մշակներէս մէկը կը թելադրէր միշտ մեր մէջ փնտռել յանցանքները, որոնք մարդկային մեր թերութիւններէն պատճառուելով, մեզ կը դնեն տարօրինակ կացութիւններու դիմաց:
Ծայրագոյն Արեւելքի մեծ ուսուցիչներէն Կոմփիւկիոս, կեանքի բարոյական դիմագիծը ուրուագծելով կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ կը ներուի անոր, որ ինք իր անձին բնա՛ւ չի ներեր»: Եթէ կայ «Բարոյական Աստուածաբանութիւն», ապա այս նախադասութիւնը անոր խորագիրը պէտք է դառնայ: Աստուած իբրեւ Ստեղծիչ, վերահսկողն է նաեւ իր հաստատած աշխարհին: Իսկ անոր բարոյական կեանքին հսկողութիւնը վստահած է ի՛ր իսկ պատկերով ստեղծած մարդուն: Իր սխալները սրբագրելու համար ցուցաբերած բծախնդրութիւնը, մարդը կը բարձրացնէ Աստուծոյ գործին շարունակողը ըլլալու պատիւին: Արարիչը աւելի մեծ շնորհք կրնա՞ր պարգեւած ըլլալ մարդուն, քան՝ ինքնագիտակցութեան գալու պահը…:
Դարձեալ, քաջալերողներու դերակատարութիւնը այս պարագային, ինքնաճանաչման այդ հանգրուանէն ետք, աղօթքի սոյն պարզ բանաձեւին ուսուցումն է: Աղօթք՝ որ ուղղուած է Ամենակարող Աստուծոյ.
_ Խաչիս ծայրէն բռնէ՛…
Մարդիկ բազմաբնոյթ բովանդակութեամբ աղօթքներ կրնան խմբագրել ու առաքել առ Աստուած: Սակայն, ոմանք կը դժգոհին յաճախ, որ Աստուած անպատասխան կը թողու իրենց աղօթքները: Բարեգութն Աստուած բնա՛ւ պիտի չ՛անտեսէ այս պարզ աղօթքը, որ սրտաբուխ աղօթքներուն ամէնէն ամփոփն է թերեւս: Աղօթք, որ ծանր աշխատանք կը թուի ոմանց, սակայն միշտ պէտք է նկատի ունենալ, որ խնդրանքը կը ներկայացուի Ամենակարող Աստուծոյ, որ կրնայ հսկայ լերան չափ ծանրութիւնը ակնթարթի մէջ տեղափոխել, կամ անամոքելի վիշտի սպիները վերջնականապէս անհետացնել մարդկային հոգիէն:
_ Խաչիս ծայրէն բռնէ՛…
Կրնա՛ս աղօթել այս պարզ աղօթքը ամէն ատեն, երբ զգաս ծանրութիւն ուսերուդ վրայ: Կրնա՛ս աղօթել երեք բառերէ կազմուած այս աղօթքը, ամէն անգամ երբ զգաս թէ առանձինդ պիտի չկարենաս տանիլ այն խաչը, որ նոյնիսկ անիրաւօրէն դրուած է վրադ: Ի վերջոյ կրնաս այս աղօթքը մրմնջալ, ամէն անգամ երբ գիտնաս, թէ ամէնէն հարազատ անձերդ են այդ խաչը ուսիդ դնողները, ցարդ կեղծիքի քօղը իրենց երեսին քաշած:
Անլուծելի դժուարութիւններուն լուծումն է այս համեստ աղօթքը: Խաչիդ ծայրէն բռնելով անպայման պիտի թեթեւցնէ Աստուած քու բեռդ: Իսկ կեանքը բեռ կը դառնայ անոր, որ ուրիշին ուսին խաչ կը դնէ անիրաւօրէն, որովհետեւ Աստուած անոր բեռը կը նուազեցնէ խաչին ծայրէն բռնելով, սակայն զայն դնողին կեանքի ծանրութիւնը ո՞վ պիտի թեթեւցնէ…:
_ Խաչիս ծայրէն բռնէ՛: Այս աղերսը քանի՜-քանիներ ամէն օր պէտք է ներկայացնեն Աստուծոյ, գէթ մէկ պահ շունչ առնելու, եւ ապա իրենց գողգոթայի ճանապարհը շարունակելու համար: