
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Մոսկուայի տուն» մշակութագործարարական կեդրոնին մէջ Նոյեմբեր 7ին տեղի ունեցաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն Վահէ Գաբրիէլեանի «ARTSAKH: the people and land of KARABAKH» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքը կը ներառէ շուրջ 730 լուսանկար, որոնք կը պատմեն Արցախի բնութեան, տեսարժան վայրերու, պատմական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի առօրեային մասին:
«Սա ոչ միայն գեղեցիկ, այլեւ կարեւոր եւ օգտակար աշխատանք է», գիրքին մասին արտայայտուած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեան՝ աւելցնելով, որ անիկա նաեւ հրաւէր է՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու:
«Գիրքը թերթելով արդէն այցելում ես Ղարաբաղ՝ աւելի մօտիկից ծանօթանալով նրա անցեալին ու մշակոյթին», նշեց Նալբանդեան:
Նախարարի բնորոշմամբ՝ հայ դիւանագէտներու համար ներկայ գլխաւոր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն է, իսկ ատիկա հնարաւոր է նաեւ Արցախը ճանաչելի դարձնելով:
Հեղինակին խօսքով, իրեն միշտ մտահոգած է, որ օտար լեզուով բաւական գրականութիւն չկայ Ղարաբաղը ներկայացնելու համար, որուն համար ալ գիրքը անգլերէն է:
«Ինչքան գնում ես Արցախ, այնքան հասկանում ես, որ այն անհրաժեշտ չափով ներկայացուած չէ», շեշտած է Վահէ Գաբրիէլեան:
Էդվարդ Նալբանդեանն ալ նշեց, որ այս գիրքը կրնայ ծառայել իբրեւ նուէր, եւ ինքը նոր տարիին այդ գիրքը եռանախագահներուն պիտի նուիրէ: