ՏԱՒՈՒՇ, «Նիուզ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի աւագ սպայ Մերի Սարգսեանի տեղեկութիւններով, Նոյեմբեր 4ին, զինուորական ծառայողներ տեղափոխող ՊՆ մարդատար հանրկառքը Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերուն մօտ շրջած է՝ վնասուածքներ պատճառելով 23 զինուորներու, որոնք տեղափոխուած են հիւանդանոց։
Փաստին առիթով յարուցուած է քրէական գործ։