ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մերն ուրիշ է…
Այն օրէն, որ Հայաստան թեւակոխեց ազատ–շուկայական յարաբերութեանց ոլորտ, «Մերն ուրիշ է» գովազդային յանկերգը ստացաւ ամէնէն տարածուն ու ազդու կարգախօսի ուժն ու ժողովրդականութիւնը։
Տեղին թէ անտեղի՝ ամէնուր տիրական դարձաւ սնապարծութեան ոչ մէկ սահման ճանչցող կամ յարգող «Մերն ուրիշ է» յաւակնութիւնը։
Նոյնիսկ իր շուկայ հանած անորակ կամ անմրցունակ ապրանքը գովազդելու համար, հայ «գործարարը» գտաւ մոգական գաւազանի ազդեցութեամբ յատկանշուող… «Մերն ուրիշ է» այցետոմսը։
Եւ մենք ունեցանք «Հայկական է, պատուական է» աւանդական գովազդին նորօրեայ՝ ազատ–շուկայական տարբերակին շրջանառութիւնը։
Դժբախտութիւնը այն է, որ միայն կենցաղային ու առեւտրական շուկայով չսահմանափակուեցաւ… ամբոխավարական այդ գովազդը։ Տարածուեցաւ նաեւ ներ–քաղաքական ոլորտին վրայ, ուր ամէն կարգի ձախաւերութիւն եւ շահատակութիւն պարտկելու համար հրապարակ նետուեցաւ… «Մերն ուրիշ է» արդարացումը։
Օրինակ կ՛ուզէ՞ք։ Ահա՛ մեր վարչապետը։ Իրապէս… «մերն ուրիշ է»։
Արտասովոր չէ, որ երկրի մը Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչը ներ–քաղաքական դաշտ մուտք գործէ՝ իշխանութեան մեծ դռնէն։
Ընդհակառակն՝ արհեստավարժ տնտեսագէտներն ու ելեւմտագէտները առաւել հաւանականութիւն ունին յաջողակ վարչապետներ դառնալու, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի տնտեսական ցնցումէ կամ ծանր տագնապէ անցնող երկիրներու եւ ժողովուրդներու։
Իսկ Հայաստանի պարագային աւելիով շեշտուած են յաջողելու հաւանականութիւնները պետական գործիչի մը, որ դրամավարկային կառավարման արհեստավարժ ղեկավարի իր փորձառութեամբ կը լծուի տնտեսական դժուարութեանց յաղթահարումին։ Մանաւանդ որ կը խօսինք համաթրքական շրջափակման ծանրագոյն հետեւանքները կրող մեր երկրին ու ժողովուրդին մասին։
Բայց որովհետեւ «մերն ուրիշ է», ահա ունինք դրամատնային, վարկային եւ տնտեսական ոլորտէն եկած արհեստավարժ վարչապետ մը, որ իրեն յաջողելու հաւանականութիւններ ընծայող ընկերատնտեսական բարեկարգման բուն գործը ձգած՝ բախտը կը փորձէ… քաղաքական ու իշխանական աթոռակռուի ոլորտէն ներս։
Աւելի՛ն. վարչապետ Սարգսեան յանկարծ սկսած է ինքնակոչ գաղափարախօսը դառնալ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, որ իբր այդպիսին՝ իբրեւ գաղափարական ու կազմակերպական յստակ ու ամբողջացած դիմագիծ ունեցող կուսակցութիւն՝ տակաւին երկար ճամբայ ունի հարթելու։
Ի՜նչ փոյթ սակայն։
Կը բաւէ, որ ՀՀ նախագահը նաեւ Հանրապետականի նախագահն է։
Այդքանը կը բաւէ, որպէսզի նախագահ Սարգսեանի ցուցմունքով ՀՀ վարչապետը աջին ու ձախին ազդարարէ, թէ Հանրապետականին դէմ գործող որեւէ ուժ դատապարտուած է… լուսանցքայնացման, Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքին մէջ։
Ի՜նչ փոյթ, կրկին, որ վարչապետի մը կողմէ դրսեւորուած հրապարակային նման վարքագիծ մը ըստ ամենայնի անյարիր է իրաւական ու ժողովրդավարական տարրական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն։
Կարեւորը այն է, որ բացառապէս ՀՀ նախագահին վստահութեան դրամագլուխով վարչապետութեան եկած գործիչը կարենայ իր երախտապարտութեան շօշափելի ապացոյցները տալ։ Յատկապէս այնպիսի՛ ժամանակ, երբ ապահով չէ ՀՀ գործող նախագահին գլխաւորած իշխանաւոր վարչախումբին վերընտրութեան հաւանականութիւնը։
Մեր ժողովուրդը դեռ չէր մարսած ներքին շուկայի սպառման համար հրապարակուած վարչապետ Սարգսեանի «Հանրապետական» ազդարարութիւնը, երբ երկու օր առաջ ՀՀ վարչապետը յայտնուեցաւ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութեան պրիւքսէլեան համագումարին եւ անոր պաշտօնական ամպիոնէն նաեւ արտաքին հանրային կարծիքին հրամցուց Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գաղափարական եւ քաղաքական «յուսալի գործընկերութեան» գովազդը։
Եւրոպայի կեդրոն–աջ կուսակցութիւններու այս համախմբումը փաստօրէն գերակշռող ուժ է համեւրոպական գրեթէ բոլոր կառոյցներուն մէջ՝ Եւրոխորհրդարան, Եւրոպայի խորհուրդ եւ յարակից միաւորներ։
Բնական է ու հասկնալի, որ Հայաստանի մէջ իր վարած ընկերատնտեսական չարաշահումի քաղաքականութեան դէմ ժողովրդային բուռն դժգոհութեան ալիք դիմագրաւող իշխանաւոր վարչախումբը փրկութեան լաստ փնտռէ եւրոպական կեդրոն–աջ ուժերու մեծ ընտանիքէն ներս։
ՀՀ նախագահը եւ իր վստահութեամբ գործող վարչապետը անշուշտ ամբողջական ազատութիւնը ունին Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամակցելու դիմում կատարելու։
Նոյնպէս իրենց անբռնաբարելի իրաւունքն է որոշելը, թէ գաղափարական եւ քաղաքական ի՛նչ եզրերով եւրոպական կեդրոն–աջին կ՛ուզեն ներկայացնել իրենց հաւատարմագիրը։
Ի վերջոյ նոյն ճակատին անդամակցելու դիմում կատարած են նաեւ իշխանաւոր Օրինաց երկիր եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնները, ինչպէս եւ ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը։ Եթէ կեդրոն–աջ գաղափարախօսութեան կողմ են, հասկնալի է որ ուզեն անդամակցիլ իրենց գաղափարակիցներու ճամբարին։
Հայաստանի ժողովրդավարացման համար իսկ անհրաժեշտ պայման է, որ մեր երկրի ներ–քաղաքական դաշտը գրաւած կուսակցութիւնները գաղափարական եւ քաղաքական յստակ դիմագիծ ստանան այլեւս։
Բայց երբ ՀՀ նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հանրապետական կուսակցութեան անունով ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի վարչապետը՝ կեդրոն–աջ կողմնորոշումի տէր եւրոպական կուսակցութեանց մօտ յոխորտալով, թէ Հայաստանի մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան քսանամեայ անկախութեան ամէնէն արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւնները, կարելի է միայն մեղմ ժպիտով կրկնել՝
Այո՛, մերն ուրիշ է։