ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Շելի Պըրքլիի ու Էլիըթ Էնկըլի առաջնորդութեամբ, մէջտեղ եկած է քոնկրեսական բանաձեւ մը, որուն նպատակն է՝ դէմ դնել Թուրքիոյ 111 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնքեր եւ ռազմական ուղղաթիռներ ծախելու Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առաջարկին:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան յայտարարեց, թէ Կիպրոսի, Յունաստանի, Իսրայէլի եւ քիւրտերու բարեկամ կազմակերպութեանց կողքին, Հայ Դատը եւս նեցուկ կը կանգնի սոյն բանաձեւին, որպէսզի յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ զինուորական ուժերը երկրի սահմաններէն ներս ու հիւսիսային Իրաքի մէջ կը շարունակեն քիւրտեր սպաննել, յաւելեալ զէնքեր չփոխանցուին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:
Իր կարգին, Շելի Պըրքլի յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի հասցէին կատարուող սպառնալիքները, Եւրոմիութեան հանդէպ որդեգրած կեցուածքը, Կիպրոսի բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շարունակուող շրջափակումը բաւարար պատճառներ են՝ նման զէնքեր Թուրքիոյ փոխանցելու գործի կասեցման համար: Ան աւելցուց, թէ այս բոլորին կողքին, Թուրքիա սկսած է մօտիկ կապեր հաստատելու Միացեալ Նահանգներու թշնամիներուն հետ:
Բոլոր քոնկրեսականներուն յղուած նամակի մը մէջ, Պըրքլի եւ Էնկըլ նաեւ կը մատնանշեն, թէ Թուրքիա լուրջ քայլերու չի դիմեր՝ զսպելու համար Սուրիոյ եւ Իրանի վտանգները, եւ կը շարունակէ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւը հովանաւորողներու շարքին են քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս, Մայքըլ Կրիմ, Սթիւ Իսրայէլ, Քերոլայն Մըլոնի, Ճէյմզ ՄըքԿավըրն, Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս: