
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Համաշխարհային ճգնաժամի խմբակի եւրոպական ծրագիրներու վարիչ Սապին Ֆրէյժըր յայտարարած է, թէ Արցախի տագնապը միջնորդող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը ձախողած է իր առաքելութեան մէջ, որուն հետեւանքով, միջնորդները կորսնցուցած են բանակցողներուն վրայ իրենց ազդեցութիւնը բանեցնելու ուժը, ինչ որ յոյժ կարեւոր է տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու համար:
Հայաստանի «Ժամանակ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ֆրէյժըր միաժամանակ յայտնած է, թէ Եւրոմիութիւնը չի կրնար փոխարինել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը, սակայն կրնայ նպաստել՝ կողմերուն միջեւ վստահութիւն ներշնչող քայլերու միջոցաւ:
Ֆրէյժըր նաեւ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ Թուրքիոյ կատարած կոչը: