
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Նոյեմբեր 27ին, «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ GTUG’s Day Armenia ձեռնարկը, որ ԱՊՀ GTUG (Google Technology User Group) խումբերու կողմէն մեծ կիրառութիւն ունեցող «Google, GTUG and Rock’n Roll» հանդիպումներու երեւանեան տարբերակն է:
«Այս միջոցառման նպատակն է կազմակերպել փորձի փոխանակում այլ GTUG խմբերի հետ, ծանօթանալ Google-ի որոշ աշխատակիցների հետ, լսել նրանց խորհուրդները, շնորհանդէսները, եւ ստանալ շատ հարցերի պատասխաններ», նշած է GTUG Հայաստանի խումբի համակարգող Վարդան Գրիգորեան, որուն խօսքով, ձեռնարկին հիւրը պիտի ըլլայ Քիեւի GTUG խումբի ձեւակերպող Վլատիմիր Իվանով, որ պիտի ներկայացնէ շնորհահանդէսներ Google-ի ճարտարագիտութիւններուն եւ GTUG գաղափարին մասին:
Այդ ծիրէն ներս, նախատեսուած է «Արարատէն մինչեւ Գարբադներ» (From Ararat to Carpathians) խորագիրով տեսակապը (hangouts) պատանիներու համար, «Թումօ» կեդրոնի եւ Քիեւի նմանատիպ «ITDo» կեդրոնի երիտասարդ սաներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ փոքրիկ մրցոյթ մը՝ «Թումօ»ի անդամներուն համար: