
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ «Հայոգի» մատենաշարին եւ միացեալ նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու «Ազդակ»ին, Շաբաթ, 19 Նոյեմբերին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպի մրցանքը, որուն մասնակցեցան հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներ:
2010-2011 կրթական տարեշրջանի աւարտին, «Հայոգի» մատենաշարի 9րդ հրատարակութիւնը հանդիսացող ու Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն արեւմտահայերէնով ու 2500 տպաքանակով լոյս տեսած «Վէրք Հայաստանի» հատորը նուէր տրամադրուեցաւ հայկական բոլոր վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, միաժամանակ հրապարակուեցան այս առիթով կազմակերպուելիք մրցանքին մանրամասնութիւնները:
Մրցանքի բացումը կատարեց վէպի արեւմտահայերէնի փոխադրումը կատարած եւ մրցանքի դատական կազմի անդամ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանը, որ հարցարաններուն մասին աշակերտներուն ներկայացուց կարգ մը լուսաբանութիւններ:
Ապա Համազգայինի հրատարակչատան եւ «Ազդակ»ի կողմէ Յակոբ Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայոգի» մատենաշարի պատասխանատու Խաժակ Գալուստեանին, որուն ցուցաբերած աջակցութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ այս իւրայատուկ մրցանքը կազմակերպել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարժարաններու տնօրէնութեանց՝ իրենց ցուցաբերած գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց աշակերտները՝ իրենց մասնակցութեան համար: Ապա, շուրջ երկուքուկէս ժամ աշակերտները ամբողջացուցին գրաւոր հարցարաններու պատասխանները:
Յայտնենք, որ մրցանքը ունէր երկու խմբաւորում՝ միջնակարգ եւ երկրորդական, իսկ երրորդ մրցանք մըն ալ, նոյն գիրքին հրատարակութեան առիթով, նախատեսուած է կազմակերպել Փետրուար 2012ին: Դատական կազմի անդամներն են՝ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Յովիկ Պերթիզլեան, Անդրանիկ վրդ. Կռանեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան: