
ԵՐԵՒԱՆ.– Լրագրողներու հետ Նոյեմբեր 28ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, անդրադառնալով ՀԱԿի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի՝ ԲՀԿի հետ համագործակցութեան առաջարկին՝ յայտնած է, թէ բացարձակ մենատիրական հեղինակութիւն ունենալու եւ ընդդիմադիր դաշտը սեփականաշնորհելու Տէր Պետրոսեանի մօտեցումը պէտք է փոխուի, եթէ ան այսօր կը խօսի ընդդիմադիր դաշտի ընդլայնման մասին։
Ռուստամեան նշած է, որ ընդդիմադիր դաշտի միաւորումը ՀԱԿի առաջարկած «ով մեզ հետ չէ, մեր դէմ է կամ տականք է» տարբերակով չէր կրնար կայանալ, ուստի այդ խումբը իր մօտեցումը փոխած է։
«Աւելի իրատեսական գնահատումներ եմ այս դաշտում տեսնում: Աւելին, այն բոլոր առաջարկները, որոնք այսօր իշխանափոխութեան բովանդակութեան հետ կարող են կապուել, վաղուց մենք հրապարակում ասել ենք», նշած է Ռուստամեան:
Դաշնակցական գործիչը աւելցուցած է, որ ինք չի բացառեր ընտրութիւնները իշխանութեան վերարտադրութեան միջոցէն իշխանափոխութեան միջոց դարձնելու եւ ընտրութիւններու օրինական ընթացքը ապահովելու հարցով ՀՅԴի եւ որեւէ այլ ուժի՝ ներառեալ ՀԱԿի հետ համագործակցութիւնը:
Ան նշած է, որ միայն վարչակազմի հեռացումը, համակարգային փոփոխութիւն չենթադրեր. «Հրէշին սպաննողը ինքն է հրէշ դառնում», նկատած է ան ու աւելցուցած, որ ՀՅԴ կողմնակից է ամբողջական իշխանափոխութեան եւ նախագահական համակարգէն ձերբազատուելուն:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Տէր Պետրոսեանը ինչո՞ւ իշխանական ուժ նկատուող ԲՀԿին դիմեց, փոխանակ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն դիմելու՝ Արմէն Ռուստամեան պատասխանած է. «Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. ՀԱԿի առաջնորդը շատ լաւ հասկացել է, որ ընդդիմադիր դաշտում զօրահաւաքի անհրաժեշտութիւն կայ եւ միայն ինքը չի կարող տնօրինել ընդդիմադիր ողջ զանգուածը եւ հասկանում է, որ իրենից անկախ այդ գործընթացը լինելու է, ուստի աւելի լաւ է ինքը մասնակցի գործընթացին, քան մի կողմ քաշուի եւ քննադատի այդ իրողութիւնը»:
Ըստ Ռուստամեանի, առայժմ կառավարութեան մէջ ըլլալով՝ ԲՀԿ ինքնուրոյնութիւն կը դրսեւորէ, իսկ իշխող ուժը՝ ՀՀԿ, ամէն ինչ կ՛ընէ, որ միախառն կառավարութեան մէջ եղող կուսակցութիւնները ընտրութիւններուն մասնակցին մէկ ցանկով։
Դաշնակցական գործիչը ըսած է նաեւ, որ այսօր իշխանութիւններուն համար շատ աւելի վտանգաւոր կը թուին իշխանական միջոցը ջլատող խաղերը, քան միւս գործընթացները: «Իշխանութիւնների թիւ մէկ միջոցն իրենց վերարտադրելն է եւ դրա հիմնական միջոցը վարչահրամայական եւ նիւթական լծակներն են», յայտարարած է Արմէն Ռուստամեան:
Ան նշած է, որ ՀՀԿն ԲՀԿի ինքնուրոյնութիւնը մէկ անգամ կանխեց, երբ իշխանամէտ ուժերու կողմէ ստորագրուեցաւ կառավարութեան նոր յուշագիրը: