ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի բարեկամներուն կ՛առաջարկեմ, կամ աւելի ճիշդը՝ կը խնդրեմ, որ իրենց ընկերական կամ ընտանեկան միջավայրին մէջ, յառաջիկայ օրերուն, գոնէ մէկ անգամ իրենց շրջապատին դիմեն՝ ըսելով.
«Ես այսպէս, այս կարգավիճակով, այս տարողութեամբ կը մասնակցիմ մեր համայնքի կեանքին, իրադարձութիւններուն, իսկ դո՞ւն»:
Անձնական օրինակը ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է՝ քեզի համար կարեւոր նկատուող ձեռնարկներուն զօրակցողներ հաւաքագրելու համար: Մեր ամէնօրեայ հեւքին մէջ, յաճախ մենք չենք անդրադառնար, որ մեր անմիջական շրջանակին մէջ կան բազմաթիւ անձեր, որոնք փոքր մղումով մը կրնան ներգրաւուիլ մեր հասարակական կեանքին մէջ եւ գոհունակութիւն ստանալ այդ մասնակցութեամբ:
Ուրեմն ինչո՞ւ մեր ընկեր-ազգականին հարց չտանք.
«Ես պիտի երթամ այս հանդէսին, իսկ դո՞ւն»:
«Ես Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը սատարողներէն եմ, իսկ դո՞ւն»:
«Ես ամէն տարի «Հայաստան» Հիմնադրամին իմ պարտքս կը վճարեմ, իսկ դո՞ւն»:
«Ես հայկական բարեսիրական այս միութեան կամ կազմակերպութեան անդամ եմ, կամ անոնց միջոցաւ իմ բաժինս կը բերեմ ազգօգուտ ծրագիրներու իրականացման մէջ, իսկ դո՞ւն»:
«Ես հայ երիտասարդներուն աշխատանքները խրախուսելու համար կը փորձեմ միշտ ընդառաջել անոնց դիմումներուն, իսկ դո՞ւն»:
«Ես հայ մշակոյթը այսպէս կ՛արժեւորեմ, իսկ դո՞ւն»:
«Ես Հայաստան գացած եմ… հրաշալի էր. իսկ դո՞ւն»:
«Ես ազգային մեր իրականութեան մօտէն կը հետեւիմ, Հայաստանէն Սփիւռք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յաջողութիւններուն ու ձեռքբերումներուն, յաղթանակներուն ու դժուարութիւններուն մասին կ՛ուզեմ տեղեակ ըլլալ, ատոր համար ալ՝ «Ասպարէզ»ի բաժանորդ եմ, իսկ դո՞ւն»:
Ձեր օրինակով վարակեցէ՛ք ձեր բարեկամները: