ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ինչպէս գրականութեան եւ արուեստներու մէջ, նոյնպէս եւ ազգային–հասարակական մտածողութեան մակարդակին, համաշխարհայնացման նորօրեայ խառնաշփոթը վտանգած է ըադհանրապէս իրաւ արժէքները։
Նորահաս եւ ազգային յիշողութիւն չունեցող մտածողը հրապարակ կ՛իջնէ տոն–քիշոթեան այն յաւակնութեամբ, որ ամէն ինչ իրմով կը սկսի եւ իրմով պէտք է իր վախճանին յանգի։
Կը բաւէ մօտէն հետեւիլ հայ քաղաքական մտքի համացանցային ցուցասրահներուն, տեսնելու եւ հաստատելու համար, որ ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական–քաղաքացիական ինչպիսի՛ նարկիսականութեամբ կը սնանին մերօրեայ տեսաբանները Հայաստանի Հանրապետութեան «առողջացման», Հայաստան–Սփիւռք կապերու «աշխուժացման» եւ, ընդհանրապէս, նոր դարաշրջանի հայկական քարտէսը «սրբագրելու» յաւակնութեամբ հրապարակ նետուած կարգախօսներուն։
Նորօրեայ «բողոքի սերունդ»ին ինքնախաբէութիւնը այնքան խոր է, որ Հայաստանէն լսելի կը դառնան նոյնիսկ ձայներ, որոնք ամենայն «լրջութեամբ» դրօշը պարզած են Հայաստանի «չորրորդ» Հանրապետութիւնը «կերտելու» մեծամտութեան։
Չի բաւեր, որ 28 Մայիս 1918ին արեամբ կերտուած Հայաստանի միակ ու անփոխարինելի Հանրապետութիւնը բաժնեցին «առաջին», «երկրորդ» եւ «երրորդ» տարատեսակներու,
Չի բաւեր, որ աջէն թէ ձախէն հազարումէկ աղբիւրի ջուր հոսեցուցին, որպէսզի խուսափին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային–քաղաքական աւանդները վերականգնելու պարզ ու վճիտ առաքելութենէն,
Չի բաւեր, որ Հայաստանի վերանկախացման քսանամեայ երթին ընթացքին ամէն տարի «յաւուր–պատշաճ»ի տուրք վճարեցին եւ լենինեան խունկ վառեցին հայութեան եւ Հայաստանի իբր թէ «հարազատ» խորհրդային պետութեան հասցէին,
Հիմա ալ համացանցի վրայ «ամբողջ հասակով» կանգնած են՝ «աւետելու» համար, որ իբր թէ «դասական» եւ «աւանդական» սփիւռքն ու իր կուսակցութիւնները «սերտաճած» են Հայաստանի իշխանութեանց հետ, փոխանակ իրագործելու Հայաստան–Սփիւռքին «ժողովուրդէ ժողովուրդ» միասնականութիւնը, որ իբր թէ կոչուած է ըլլալու «առաքելութիւն»ը նոր ծնող ու կազմաւորուող Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութեան։
Դժուար է հանգիստ քնանալ եւ արթննալ այն յոյսով, որ մեր աչքերով կը տեսնենք նաեւ այդ տարատեսակը Հայաստանի Հանրապետութեան։ Բայց դաժան իրողութիւնը այն է, որ ինչ–ինչ անուններով համացանցի վրայ կեանք առած «Սարդարապատ» թէ այլանուն կուսակցութիւնները կը յոխորտան, թէ հնչած է ժամը Հայաստանն ու Սփիւռքը «ժողովուրդէ ժողովուրդ» միաւորող Հայաստանի Հանրապետութեան։
Համացանցի վրայ շքերթ կազմակերպած նորարար այս խմորումներուն հետեւելու սովորութիւն չունեցող ընթերցողը պէտք չունի ընդվզելու, թէ ակամայ քարոզչութիւնը կը կատարուի այսպէ՛ս, հպանցիկ յղումներ կատարելով, նորելուկ գաղափարախօսներու ճամարտակութիւններուն։ Համաշխարհայնացման ամէնէն հուժկու շարժիչին՝ համացանցին անխուսափելի այս «բարիք»ին հետ հաշուի պէտք է նստիլ, որովհետեւ ունինք նոր սերունդ մը, որ այս կամ այն պատճառով կ՛առընչուի եւ կ՛ազդուի այսօրինակ… գաղափարական «նորարարութիւններէն»։
Անկասկած Սփիւռքի տարածքին եւս կը կազմաւորուին երիտասարդներ, որոնք «սրտամօտ» կը գտնեն «աւանդական» եւ «դասական» Սփիւռքի ու զայն կազմակերպած կուսակցութեանց հասցէագրուած այն մեղադրանքը, թէ «վերնախաւային» մեղսակցութիւն մը այսօր կը բնորոշէ Հայաստան–Սփիւռք կամրջումը…
Այսինքն՝ իբր թէ լուռ «համախոհութիւն» մը իրարու մօտեցուցած եւ «զինակից» դարձուցած է Հայաստանի իշխանութիւններն ու Սփիւռքի ղեկավարութիւնը։
Այսինքն՝ նորահաս սերունդը թէ՛ հայրենի հողի վրայ, թէ՛ Սփիւռքի տարածքին պէտք է միաւորուի ու ծառանայ «վերնախաւային» այդ զինակցութեան դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ կեանքի կոչել Հայաստանի Չորրորդ Հանրապետութիւնը, որ պիտի կարենայ իրագործել… «ժողովուրդէ ժողովուրդ» միասնականութիւնը։
Խորհրդային ժառանգութիւնը լրիւ չթօթափած Հայաստանի եւ հայրենի հայութեան պարագային վստահաբար հիմնաւոր մեղադրանք է վերնախաւի նկատմամբ հնչող ահազանգը։ Ամբողջատիրական կառավարման ոճ մը, փաստօրէն, Հայաստանի վերանկախացման առաջին իսկ օրէն, իր կամքը պարտադրեց հայրենի հայութեան։
Բայց ամբողջատիրական այդ ժառանգութեան պահպանման մէջ մեղքի իր ծանրակշիռ բաժինը ունի հայ քաղաքական մտքի յետ–խորհրդային սերունդը, որ քսան տարի հետեւեցաւ ստրկամտական այն իրատեսութեան, թէ՝ «ձեռքը, որ չես կրնար կտրել, համբուրէ եւ գլխուդ դիր»…
Նոյն այդ սերունդն է, նաեւ, որ քսան տարի ազատ ու անկախ Հայաստանի իշխանաւոր վերնախաւին տիրանալու կռիւը մղելէ եւ իշխանութեան ղեկին թէ ընդդիմադրութեան «դատարկ տաշտակին» առջեւ յայտնուելէ ետք, ահա կատարած է գիւտը Սփիւռքի «վերնախաւային» մօտեցումը դատապարտելու… յեղափոխական «տրամաբանութեան»։
Սերունդը երիտասարդ է ու անփորձ։ Հետեւաբար ներելի չէ, որ հաղորդակցութեան դռներ բանալու փոխարէն՝ պատնէշներու ետեւ ծուարելու եւ զիրար քարկոծելու փորձութիւնը կլանէ մեր իմացական կենսունակութիւնը։
Պարզ ու յստակ եւ բարձրաձայն պէտք է զրուցել բոլորին հետ՝ մատնանշելու համար, որ «դասական» կամ «աւանդական» յորջորջուած Սփիւռքն ու ազգային մեր կուսակցութիւնները պատանդ չեն որեւէ կարգի «վերնախաւային մեղսակցութեան»։
Դասականն ու աւանդականը ոչ թէ ժամանակավրէպութեան եւ անցելապաշտութեան, այլ մնայուն արժէքներու յիշողութեան եւ վերանորոգման ցուցանիշ են։
Իր արմատներուն տէր կանգնող կուսակցութիւնն է, որ կրնայ սերնդափոխութիւն ապրիլ եւ վերանորոգուիլ։ Իսկ սեփական արմատները ուրանալու պատճառներ ունեցող կուսակցութիւնը չի կրնար վերաթարմացման առաջնորդող ներշնչման աղբիւր դառնալ նորահաս սերունդներուն համար։
Հայաստանի ու հայութեան այսօրուան ողբերգութեան եւ հայ քաղաքական մտքի «վերնախաւային» գալարումներուն բուն վէրքը կը կայանայ սեփական արմատներուն հետ հաշուի նստելու անկարողութեան մէջ։
Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պատմութիւնը, ներկան ու գալիքը միայն սեփական սերունդի կեանքի ժամանակով չափելու բարդոյթին կը վերաբերի ակնարկութիւնը։
Իսկ Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը 1988էն ի վեր ունին նորահաս սերունդ մը քաղաքական գործիչներու եւ մտածողներու, որոնք թէեւ յաւակնութիւնը կը սնուցանեն նոր էջ բանալու եւ նոր հորիզոններ նուաճելու, բայց որոնց ազգային–քաղաքական կենսագրութիւնը օրինակելի ոչ մէկ աւանդ կը ներշնչէ անգամ սեփական զաւակներուն…
Ի վերջոյ ո՜վ կրնայ հերքել, որ «լաւագոյն տղերքը հեռանում են» կամ կը հանգչին… Եռաբլուրի մէջ եւ Հայաստան Աշխարհի անյայտ գիրկը։
Եւ օրինակելի ու վարակիչ աւանդութիւն ստեղծելու բարդոյթ ունեցող անկարողներն են, որ սեփական զաւակներուն ապակողմնորոշման կը մղեն՝ աւանդականն ու դասականը իբրեւ հինցած ու մաշած՝ իբրեւ «զառամեալ» կուսակցութիւններ վարկազրկել փորձելով։
Վերցուցէք մեր նորահաս սերունդներէն աւանդականին ու դասականին՝ ազգայինին ու համահայկականին պաշտամունքը եւ, ուշ կամ կանուխ, դէմ յանդիման պիտի կանգնիք այն դառն ու ահաւոր իրողութեան, որ հաւաքական մեր պայծառ գալիքին հաւատալու եւ անոր նուաճման համար պայքարելու շարժիչէն զրկած պիտի ըլլաք հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը։