ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Զօր. Մովսէս Յակոբեան Նոյեմբեր 29ին յայտարարած է, թէ ատրպեճանական կողմը արժանի պատասխան պիտի ստանայ ԼՂՀի նկատմամբ իւրաքանչիւր ոտնձգութեան պարագային:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 19-20, Ղարաբաղի մէջ ատրպեճանական կողմէ դիպուկահարներու կրակոցի հետեւանքով զոհուած են Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուորական երկու ծառայողներ՝ Արէն Սիմոնեան եւ Միհրան Մարգարեան:
«Այդպիսի դէպքերում, հակառակորդը միշտ արժանի պատիժ կը ստանայ եւ կը հասկանայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ նման ոճով բանակցութիւններ վարելը կամ խօսելն անիմաստ է», ըսած է Յակոբեան:
Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը նշած է նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնք կը զբաղին ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացով, նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրեն, եւ պէտք է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկեն՝ հետագային նմանատիպ դէպքերու բացառման համար: