
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ կրօնական ժողովի ատենադպիր Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեանի, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ Մեհմետ Կէօրմեզի։
Անգարայի կրօնից տեսչարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Կէօրմեզ արտասանեց բարի գալստեան ուղերձ մը եւ ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը։ Ի միջի այլոց, ան ըսաւ հետեւեալը. «Կամքէ անկախ պատճառներով, չէինք կրցած ընդառաջել ձեր կողմէ ներկայացուած այցելութեան փափաքին։ Այսօր պատիւն ունինք ողջունելու մեր երկրի անբաժան եւ հարազատ տարրերէն՝ հայ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին ներկայութիւնը։ Թուրքիոյ մէջ տարբեր կրօններու հետեւողներ կը ներկայացնեն խաղաղ համակեցութեան տեսարան մը։ Սխալ է անձերն ու ինքնութիւնները համախմբել փոքրամասնութիւն եւ մեծամասնութիւն գլխարկմանց ներքեւ։ Մերօրեայ ժամանակներուն այլեւս ինքնութիւնները կարելի չէ թիւերով արժեւորել։ Եթէ նոյնիսկ մէկ հոգի, իր ինքնուրոյն արժէքներով առանձինն կը ներկայացնէ ինքնութիւն մը, ապա՝ արժանի է յարգանքի։ Անձնապէս Թուրքիոյ կրօնական համայնքներուն համար չեմ փափաքիր փոքրամասնութիւն բառը գործածել։ Կրօնից տեսչութիւնը թուրքիաբնակ համայնքներուն հետ ունի բարւոք յարաբերութիւններ։ Կը յուսամ, որ այս յարաբերութիւնները պիտի զարգանան առաւել չափով։ Մենք զաւակներն ենք այն հասարակաց մշակոյթին, որով տարբեր մշակոյթները, կրօնքները եւ քաղաքակրթութիւնները կարելի եղած է ապրեցնել համատեղ, խաղաղութեան մէջ։ Ուստի տարբեր կրօններու բոլոր հոգեւոր առաջնորդներու իսկական պարտականութիւնն է այս գեղեցկութիւնը ի կեանս պահել նաեւ ապագային»:
Կրօնից տեսուչը անդրադարձաւ նաեւ Մեսրոպ պատրիարք հօր առողջական վիճակին եւ յայտնեց, թէ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէր զայն։
Սրբազան հայրը, իր կարգին արտայայտուեցաւ ըսելով. «Պատրիարքական աթոռն եւ կրօնից տեսչութիւնը ունեցած են ջերմ յարաբերութիւններ։ Այսօր կ՛այցելենք՝ այս ջերմ յարաբերութիւնը զօրացնելու։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր արտայայտած ազնիւ զգացումներուն համար։ Յիրաւի այսօր անգամ մը եւս կ՛անդրադառնանք, թէ փոքրամասնութիւն եւ մեծամասնութիւն բառերէն աւելի արժէքաւոր ճշմարտութիւն մը կայ. բոլորս ալ Աստուծոյ արարածներն ենք եւ կը վայելենք Անոր շնորհքները։ Մենք, փոքրամասնութիւն բառէն աւելի, կարեւորութիւն կ՛ընծայենք այն իրականութեան, թէ բոլորս ալ այս հողերուն զաւակներն ենք, եւ դարեր շարունակ ապրած ենք խաղաղ համակեցութեամբ, որուն կը վկայէ պատմութիւնը։ Իրաւ է, որ անցեալին կարգ մը շրջանակներու գործունէութեամբ այս խաղաղութիւնը խանգարուեցաւ, սակայն ներկայ ժամանակներու հրամայականն է վերադառնալ հնամենի եւ դարաւոր քաղցր յիշատակներուն, եւ վերստին կեանքի կոչել զանոնք։ Յանուն պատրիարքական աթոռի, կրօնական ժողովին եւ մեր համայնքին, կը շնորհաւորենք ձեր նոր պաշտօնը ու կը մաղթենք յաջողութիւն ձեր առաքելութեան մէջ։ Կը յուսամ, որ յառաջիկային եւս զանազան առիթներով պիտի կարենանք մէկտեղուիլ»։
Սրբազան հայրը, ի յիշատակ այս անդրանիկ այցելութեան, տեսուչին նուիրեց արծաթեայ յուշանուէր մը, որուն վրայ քանդակուած էր իսլամական հաւատոյ դաւանութեան նախադասութիւնը։ Յուշանուէրը ձեռակերտն էր հայ վարպետներու։ Իսկ տեսուչը իր կարգին նուիրեց արծաթապատ պղնցեայ սուրճի կազմած մը։
«Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատէճեան Չորեքշաբթի օր անդրադարձած է այս այցելութեան մասին թրքական թերթերուն մէջ տարածուած սխալ տեղեկութիւններուն: Թերթերը կը գրեն, որ իբր թէ Արամ սրբազան ըսած է. «Ես ցաւ կը զգամ փոքրամասնութիւն բառէն, ես փոքրամասնութիւն չեմ, հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոս ապրող մէկն եմ։ Հիմա կը տեսնենք որ այլեւս փոքրամասնութիւն ըսուած բան մը չկայ»։
«Արամ սրբազանին վերագրուած այս խօսքերը, եթէ ճիշդ գրի առնուած են, ապա դարձեալ շինիչ ու տրամաբանական են, բացի մէկ կէտէ՝ փոքրամասնութիւն բառին նկատմամբ յայտնուած վերապահութենէն։ Այս սիւնակներուն մէջ եւ այլուր մենք միշտ կրկնած ենք, որ մենք բացարձակապէս իրաւունք չունինք անհանգստանալու «փոքրամասնութիւն» բառէն, բառ մը՝ որ մեզի տրուած որակական է ո՛չ թէ որպէս մեզի նկատմամբ նախատինքի կամ խտրականութեան արտայայտութիւն, այլ որպէս հաստատում, թէ մենք մասնաւոր իրաւունքներու տէր հաւաքականութիւն մըն ենք։ Եթէ մեզի հարցուին, պիտի ըսենք որ «փոքրամասնութիւն» բառը մերժելը այսօր համազօր կրնայ դառնալ մեր մայրենի մշակոյթին ու կրօնքին վրայ մեր ունեցած իրաւունքները մերժելուն։ Ո՞ր ինքնագիտակից հայ մարդը պիտի ընդունէր մերժել այս իրաւունքները, մինչ ուրիշ հաւաքականութիւններ այնքա՛ն ուժեղ պայքար կը մղեն ընդունուելու համար որպէս փոքրամասնութիւն։
«Կայ նաեւ շատ կարեւոր սա կէտը։ Եթէ մենք հոս-հոն ըսենք, որ անհանգիստ ենք «փոքրամասնութիւն» բառէն, ապա տեղացի բանիմաց ու խղճամիտ մարդիկ ալ պիտի վարանին մեզի համար այդ բառը գործածելէ, պիտի վախնան, որ մեզ կը վիրաւորեն եթէ այդ բառը գործածեն եւ պիտի ուզեն անտես առնել այն լայն պարունակը, որ ըստ մեզի՝ կայ այդ «փոքրամասնութիւն» բառին մէջ։ Մենք այս հողին զաւակներն ենք, այո՛, հարկա՛ւ, բայց մենք փոքրամասնութիւն ենք», գրած է Հատէճեան։