
ԵՐԵՒԱՆ.- Մեկնաբանելով Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական համայնքին եւ ԼՂՀ բնակչութեան միջեւ հաւասարազօր հարթութիւն ստեղծելու փորձերը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարած է, որ եթէ պաշտօնական Պաքուն իրապէս շահագրգռուած է միջհամայնքային երկխօսութեան կազմակերպման հարցով, ապա առաջին հերթին պէտք է քայլերու ձեռնարկէ՝ միջհամայնքային երկխօսութիւն կազմակերպելու համար Ատրպէյճանէն տեղահանուած հարիւր հազարաւոր հայերուն եւ Ատրպէյճան բնակող ատրպէյճանցիներուն միջեւ:
«Դա բարոյական իրաւունք կը տայ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանը դիմելու Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեանը՝ նոյնպէս նախաձեռնելու միջհամայնքային երկխօսութիւն», ընդգծած է ան:
Ըստ ԱԳ փոխնախարարին, հայկական կողմերը կարեւոր կը համարեն վստահութեան միջոցներու ամրապնդման խնդիրը, որ բազմաթիւ տարրերէ բաղկացած ամբողջութիւն է, ինչպէս՝ ժողովուրդներու միջեւ ատելութիւնն ու թշնամանք սերմանող պետական քարոզչութենէն եւ ռազմատենչ հռետորաբանութենէն հրաժարիլ, հարեւան ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանում, հրադադարի ամրապնդում, սահմանէն դիպուկահարներու դուրսբերում, տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակութիւններու տարբեր խումբերու միջեւ շփումներու եւ երկխօսութեան խթանում:
«Ատրպէյճանը ընտրովի է մօտենում առկայ խնդիրներին՝ առանձնացնելով ամէն ինչից իրեն ձեռնտու տարրերը եւ աղաւաղելով խնդրի բուն էութիւնը՝ ի վնաս թէ՛ համապարփակ կարգաւորման համար անհրաժեշտ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորմանը, թէ՛ բուն կարգաւորման գործընթացին: Դրա վկայութիւն է Մատրիտեան սկզբունքների ընտրովի եւ աղաւաղուած մեկնաբանութիւնը, որը յանգեցրեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմից Մատրիտեան առաջարկութիւնների համաձայնեցման տապալմանը Քազանում», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան։