
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 30ին այցելած է Արժանթինի հիւսիսը գտնուող Չաքօ նահանգը եւ ծանօթացած գիւղատնտեսական համալիրներու աշխատանքին՝ յատուկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով գիւղատնտեսութեան զարգացման, տոհմային անասնաբուծութեան, ոռոգման ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու կիրառման եւ գիւղական մթերքներու վերամշակման ոլորտներուն:
Կողմերը պայմանաւորուած են վերոյիշեալ ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հաստատման շուրջ, ինչ որ նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման նոր որակ հաղորդելու տեսանկիւնէն:
Նոյն օրը Արցախի նախագահին ի պատիւ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած է պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին իր ելոյթին մէջ նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է ՀՀ դեսպանատան եւ դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեանի կողմէ տարուող աշխատանքը՝ ուղղուած Հարաւամերիկեան երկիրներու հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացման, հայրենիք-Սփիւռք կապերու խորացման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արցախեան հիմնախնդիրի ճշմարտացի ներկայացման:
Հանդիպումներուն մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: