
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին գրած է, թէ Թուրքիոյ վճռաբեկ ատեանի որոշումը Անատոլուի հայերուն ուրախութիւն պատճառած է։
Ինչպէս գրած էինք, Սասունցի հայերու միութիւնը 2008ին դատարան դիմած էր, որպէսզի Անատոլուի հողերուն վրայ հարիւրաւոր տարիներու անցեալ ունեցող հայապատկան եկեղեցիներու եւ գերեզմանատուներու վայրերը արձանագրուին իբրեւ «մշակութային ժառանգութիւն»: Ներկայիս պետական կալուածային տոմարներու մէջ անոնք արձանագրուած են «թափուր գետին, անտառ, լքեալ տուն» ենթաբաժանումին մէջ:
Վճռաբեկ ատեանը կատարուած դիմումը նկատի առնելով, դիմած է մշակոյթի նախարարութեան, որ հարկաւոր փոփոխութիւնները կատարէ պետական գանձի տոմարներուն մէջ:
Սասունցի հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը, որ այս արդիւնքը ձեռք բերելու համար կարեւոր աշխատանք տարած էր, յայտնեց, թէ այս կարգադրութիւնը յուսալից զարգացում մըն է եւ իրենք այս ուղղութեամբ պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը։ Սասունցի հայերու միութիւնը կազմուած է Պոլսոյ մէջ եւ անոր կ՛անդամակցին նախկին սասունցի, պիթլիսցի, պաթմանցի, մշեցի, վանեցի հայերը։ Անոնք ամէն գնով պայքար կը մղեն, որպէսզի մեր նախնիներու աւերակի վերածուած կամ հիմնայատակ քանդուած հողերը որպէս «Մշակոյթի բեկորներ կամ անբռնաբարելի գետիններ»ու բնոյթ ստանան։
Ըստ Տաղճըի, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը վերոյիշեալները արձանագրէ իբրեւ «մշակութային ժառանգութիւն», ապա դատարանը կրնայ իր կազմակերպութեան տնօրինութեան տակ դնել շարք մը եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուներ: