
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Դեկտեմբեր 9ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը պիտի փորձէ մինչեւ տարեվերջ նախապատրաստել Սահմանադրական դատարանին ուղղուած հայցը՝ կառավարութեան կողմէ լիազօրութիւններու չարաշահման վերաբերեալ: Մինասեանի խօսքով, կուսակցութիւնը մանրամասնօրէն պիտի մշակէ եւ նախապատրաստէ այդ հայցը, որպէսզի անոր միանան նաեւ իշխող մեծամասնութեան ներկայացուցիչներ:
Դաշնակցութիւնը կառավարութիւնը կը մեղադրէ 2008-2012 ռազմավարական ծրագիրը չիրականացնելուն համար, ինչ որ կը բացատրուի տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքներով. ի վիճակի չըլլալով ծրագիրը իրականացնել՝ կառավարութիւնը անոր մէջ փոփոխութիւններ չէ կատարած, ինչ որ, ըստ Դաշնակցութեան՝ կը դիտուի իբրեւ սահմանադրական իրաւասութիւններու չարաշահում:
Ըստ Մինասեանի, կուսակցութիւնը կը ձգտի Հայաստանի մէջ ստեղծել նոր աւանդոյթներ, որոնց պարագային կառավարութիւնը, պատասխանատուութիւն կը կրէ չիրականացած խոստումներուն համար։ ՀՅԴ պատգամաւորը նշեց, թէ հակառակ անոր որ խորհրդարանին կողմէ չընդունուեցաւ ՀՅԴի առաջարկած նախագիծը, որով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին կ՛առաջարկուէր ուսումնասիրել կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, այնուամենայնիւ «այս քուէարկութիւնները ցոյց են տալիս, որ քաղաքական մեծամասնութեան մօտ եւս կառավարութեան նկատմամբ բաւարար վստահութիւն չկայ», ընդգծեց Մինասեան:
Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովը Դեկտեմբեր 8ին չընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան առաջարկը՝ Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան քուէ ներկայացնելու մասին: Առաջարկին կողմ քուէարկեցին 13, դէմ՝ 48, իսկ ձեռնպահ՝ 4 պատգամաւորներ: