
ՊԵԼԿՐԱՏ.- Ձեռնադաշնակ նուագող Դաւիթ Ենկիպարեան Նոյեմբեր 28ին զուգերգով ելոյթ ունեցաւ Սերպիոյ սահմաններէն դուրս ճանցչուած սաքսոֆոնիստ-երաժշտահան Պորիս Կովաչի հետ: Բարեգործական այս համերգը տեղի ունեցաւ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ՝ «Ռեքս» մշակոյթի կեդրոնի համերգասրահէն ներս:
Բարեկործական համերգէն ստացուած ամողջ հասոյթը յատկացուեցաւ Պելկրատի մանկատան երեխաներուն:
«Ես եւ Դաւիթը ծանօթացած ենք այս տարուան Հոկտեմբերին Նովի Սատի մէջ, եւ անմիջապէս երեք ու կէս օրուան ընթացքին պատրաստեցինք երկու ժամ տեւող քանի մը համադրութիւն: Համերգով ելոյթ ունեցանք Նովի Սատ քաղաքի սինակոկի մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ արժանացանք բաւական լուրջ ուշադրութեան՝ թէ՛ մեր հանդիսատեսի, թէ՛ մամուլի կողմէ: Շատերու համար այդպիսի երգացանկով երաժշտական համադրութիւններ պատրաստելու համար, անհրաժեշտ են ամիսներ: Պարզապէս ես եւ Դաւիթը կը գտնուինք նոյն ալիքներուն վրայ, որ եւ առիթ հանդիսացաւ մեր միասնական համագործակցութեան», ըսաւ Պորիս Կովաչ:
Ան նշեց, որ իրենց առաջին միասնական համերգը կը կրէ իր համադրութիւններէն մէկուն՝ «Իմ արեւելեան սիրտը» (My Eastern Heart), անուանումը: Դաւիթը կը պատկանի հայկական, իսկ ինք՝ պանոնեան, այսինքն Վոյվոտինայի մշակոյթին: «Արեւելեան Եւրոպան բոլորիս օճախն է: Մեր համագործութիւնը դեռ նոր սկսած է, իսկ մօտ ապագային մեր ունկընդիրներուն կը ներկայանանք մեր առաջին ձայնասկաւառակով», յայտնած է ան: