ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը այս անունով կը գործեն աւելի քան վեց տասնամեակ. Հայոց Ցեղասպանութեան յիսնամեակին առիթով, ՀՅԴն Սփիւռքի հայաշատ համայնքներուն մէջ կազմեց յատուկ յանձնախումբեր, որոնք այնուհետեւ կոչուեցան Հայ Դատի յանձնախումբեր:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու առաքելութիւնը միջազգային մակարդակով քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներ տանիլն է՝ յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու միջազգային ճանաչման. անոնց նպատակակէտը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումն ու անոր հետ կապուած հարցերն են, այլեւ՝ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող խնդիրները, æաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ այլն: Վերջին տասնամեակներուն Հայ Դատի գրասենեակներ բացուած են միջազգային քաղաքական կեանքի կարեւոր մայրաքաղաքներու մէջ, օրինան՝ Ուաշինկթըն, Պէյրութ, Մոսկուա, Պրիւքսէլ…:
«Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքը միայն Եւրոպական Միութիւնը չէ: Անշուշտ, հիմնականը՝ Եւրոմիութիւնն է ու Եւրոպական խորհրդարանը, ուր մեծ դաշտ կայ, կարելիութիւններ կան աշխատանքներ տանելու: Եւ արդէն խորհրդարանի անդամներուն մէջ ունինք մեզի բարեկամ անձերու բաւական լուրջ թիւ, որ մեզի պիտի օժանդակէ: Մեր հիմնական աշխատանքներէն մէկն է նաեւ փորձել, որ եթէ անոնք մեր բարեկամը չեն, ապա գոնէ՝ թշնամին ալ չմնան», յայտնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ Գասպար Կարապետեան:
Պրիւքսէլի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները կը համագործակցին ինչպէս եւրոպական կարեւորագոյն կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու, այնպէս ալ Պրիւքսէլի մէջ իրենց ներկայացուցիչները ունեցող տարբեր ժողովուրդներու հետ։ Ապրիլ 24ին, Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուող խաղաղ ցոյցին ներկայ կ՛ըլլան նաեւ այդ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները:
Հայ Դատի յանձնախումբը ուշի ուշով կը հետեւի նաեւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, հասարակական գործընթացներուն՝ մարդու իրաւունքներու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւական ու կրօնական ազատութիւններու ոտնահարման դէպքերուն: Տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը աշխուժօրէն կը փոխգործակցին:
«Ընդհանրապէս, նման աշխատանքներ կը միտին Եւրոպայի մէջ, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ դաստիարակել, տեղեակ պահել, թէ ինչպիսի՛ հարցեր կը յուզեն հայութիւնը եւ մեր գրասենեակը: Գրասենեակ ըլլալով՝ անիկա եւրոպական արժէքները Հայաստան կը տանի, նոյն ձեւով ալ Հայաստանը կը ներկայացնէ Եւրոպական Միութեան մօտ. ուրեմն մենք այսպիսի ձեւերով կը կամրջենք Եւրոպական միութիւնը եւ Հայաստանը, եւրոպացիներն ու հայութիւնը», յայտնեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Պետօ Տէմիրճեան:
Պրիւքսէլի մէջ յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ամէնօրեայ գործունէութեանց շնորհիւ, կը փորձեն ամէն ինչ ընել, որ եւրոպական հանրութիւնը աւելին իմանայ Հայաստանի, հայերու եւ Հայկական Հարցին մասին: Օրինակ, վերջերս անիկա յաջողեցաւ կազմակերպել Եւրոպական խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներէ կազմուած պատուիրակութեան այցը Լեռնային Ղարաբաղ. տեղւոյն վրայ եւրոպացի պատգամաւորները հնարաւորութիւն ունեցան ծանօթանալու Արցախի պատմութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող խնդիրներու:
«Կ՛ուզեմ նշել, որ այդ պատուիրակութեան անդամները ներկայիս Ատրպէյճանի համար «փերսոնա նոն կրաթա» կը համարուին, որովհետեւ Ատրպէյճան որդեգրած է խիստ քաղաքականութիւն, ըստ որուն, առանց իրենց հրամանին ու առանց իրենց արտօնութեան Ղարաբաղ այցելողը, ոչ ցանկալի անձերու ցանկին կ՛անցնի: Եւ այդ ցանկը որքա՛ն աւելնայ, մեզի համար այնքա՛ն լաւ կ՛ըլլայ անշուշտ», աւելցուց Պետօ Տէմիրճեան:
Յառաջիկային Պրիւքսէլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ շարք մը ծրագիրներ՝ եւրոպական տարբեր բեմերը առաւել մեծ չափով օգտագործելու համար: Յանձնախումբը կը գործակցի Եւրոպական խորհուրդի տարբեր, յատկապէս՝ Արտաքին կապերու եւ Մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովներուն հետ:
Այս աշխատանքին շնորհիւ, հայութեան խնդիրները միջազգային ատեաններուն մէջ առաւել լսելի եւ ընկալելի կը դառնան: