Թուրքիոյ կառավարութիւնը իր արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի բերանով խոստովանեցաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը տապալելու իր ռազմավարութիւնը ձախողած է եւ նոր մօտեցումի ուրուագիծ մը արդէն պատրաստուած է:
Այդ ուրուագիծին արդէն ծանօթացած էինք, երբ թրքական արտաքին քաղաքականութեան հեղինակները յայտարարած էին, թէ բացատրական աշխատանք պիտի տանէին՝ Սփիւռքի հայութիւնը լուսաբանելու եւ անոնց հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու համար: Այս յայտարարուած մարտավարութեան գործնական դրսեւումները չենք նկատած: Տաւութօղլուի երկրորդ յղումը այս նոյն մարտավարութեան կարելի է նկատել իբրեւ նոյն ծրագիրին նոր թափ տալու որոշումի յայտարարութիւն: Կամ՝ ամիսներէ ի վեր մշակուած, բայց ցարդ չգործադրուած ծրագիրի կենսագործման ազդանշան:
Մենք չենք կրնար պատկերացնել, թէ Թուրքիոյ դեսպանները ովքե՞ր պիտի ունենան իբրեւ խօսակիցներ:
Սկսելու համար, ֆրանսահայութիւնը գոնէ ժամանակաւորապէս պիտի զրկուի այս «բախտէն», որովհետեւ Թուրքիան որոշեց հերթական անգամ իր դեսպանը ետ կանչել Փարիզէն:
Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, ծայրագոյն Արեւելքէն, նախկին խորհրդային երկիրներէն կամ ամերիկեան ցամաքամասէն թուրք դեսպանները, կ՛երեւի, թէ պիտի ձեռնարկեն բաւական լայն ու ծախսալի արշաւի մը՝ փնտռելու համար նախ իրենց հետ խօսելու պատրաստ սփիւռքահայեր, ապա մաղէ անցընելու զանոնք ու կեդրոնանալու անոնց վրայ, որոնք թուլութեան, տկարութեան նշաններ ցոյց կու տան:
Կրնայինք յոխորտալ՝ յայտարարելով, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով անկարելի է որ գտնուի սփիւռքահայ մը, կամ ոեւէ հայ, որ կրնայ համաձայնիլ ուրացման ու կեղծիքի քաղաքականութեան զինուորագրուիլ: Կը զգուշանանք՝ պարզապէս տխուր փորձառութենէ մը մեկնելով: Արդարեւ, շատ մօտիկ անցեալին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Ատրպէյճանին ծառայելու լծուած գործակալներու խումբ մը յայտնաբերեց, այսինքն՝ Արցախին ու Հայաստանին դաւաճանելու պատրաստ հայանուն վատոգի մարդոց խումբ մը: Յետոյ, չմոռնանք, որ մեր պատմութիւնը այնքա՛ն ալ աղքատ չէ եղած օտարի շահերուն ծառայելու պատրաստ դաւաճաններով ու գործակալներով:
Հետեւաբար, պէտք չէ թրքական այս նոր նախաձեռնութիւնը թերագնահատենք ու ձեռնածալ մնանք: Ընդհակառակը, պէտք է բացատրենք մեր ժողովուրդին, թէ Հայկական Հարցի հետապնդման այս հանգրուանին, երբ արդէն քաղաքական մեր պայքարը կը մտնէ նոր փուլ, ուր արդէն առաւել կը շեշտուին հայութեան հատուցման պահանջները, նոյնիսկ լաւագոյն տրամադրութեամբ, ազգային մեր նպատակներուն համար շահ ապահովելու ամէնէն ազնիւ ու մաքուր մտադրութիւնները կրնան շատ ճարպիկօրէն թրքական դիւանագիտութեան կողմէ վերածուիլ մեր միասնականութեան մէջ վիհ բացող պառակտիչ խարդավանքներու: Պէտք է հեռու մնալ այսպիսի թակարդներէ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը հայութեան հետ խօսելու ճիշդ, օրինական հասցէն ունի: Թող անոր հետ փորձէ իր բախտը: