ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան ամբողջ բանակ մը մարդիկ, որոնք նպաստած են այս թերթի վերելքին, որոնց երախտապարտ է այս հաստատութիւնը:
Առաջին հերթին՝ «Ասպարէզ»ի անձնակազմի անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութենէն շատ աւելին կ՛ընէ, առանց սակարկելու, առանց գանգատելու՝ սիրով: Առանձին գնահատանքով պէտք է առանձնացնել Արմինէն՝ Զարիֆեանը, որ աշխատանքի ամէնէն ծանր բեռը շալկելով՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելու յանդգնութիւն կը ներշնչէ բոլորիս:
Աշխատակիցներու ստուարացող համրանքը կը խանդավառէ մեզ՝ միեւնոյն ժամանակ դժուարացնելով անոնց բոլորին անունները մէկ սիւնակի մէջ տեղաւորելու փորձը:
Այսուհանդերձ, չենք կրնար չառանձնացնել մեր կանոնաւոր աշխատակիցները՝ Նազարէթ Պէրպէրեանը, Մասիս Արարատեանը, Գէորգ Պետիկեանը, Յարութ Սասունեանը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանը, Պօղոս Գուբելեանը, Գրիգոր Ծ. վարդապետ Չիֆճեանը, Խաչիկ Մելեքեանը, Թամար Թիւֆէնքճեան-Սերայտարեանը, Սիւզան Խարտալեանը, Կարինէ Տէր Գէորգեանը, Նուպար Տէմիրճեանը, Սարգիս Փանոսեանը, Ռիթա Հինդլեանը, Նանէ Աւագեանը, Մարօ Քէշիշեանը, Միգանուշ Մելքոնեանը, Զարեհ Սափսզեանը, բանաստեղծներ՝ Գրիշ Դաւթեանը, Աւիկ Դէիրմէնջեանը, Աբրահամ Անպարտը:
Յատուկ շնորհակալութիւն այն մտաւորական խումբին, որ պարբերաբար կը ներկայանայ «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն, յատկապէս՝ աշխատակցելով յատուկ թիւերուն, բայց նաեւ ամէն անգամ, երբ արտայայտուելու կարիքը զգայ: Այս խումբին մէջ են Ռիթա Որբերեանը, Ռուբինա Փիրումեանը, Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանը, Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները, Հայկազուն Թրթռեանը, Խորէն Արամունին, Սեդօ Պոյաճեանը, Պետրոս Ալահայտոյեանը, Ռազմիկ Շիրինեանը, Կարօ Մոմճեանը, Վարդուհի եւ Կատիա Քուշերեանները, Սարօ Նազարեանը, Օննիկ Հայրապետեանը, Ստեփան Թօփչեանը (որուն հանդէպ խմբագիրը շարունակ կը մեղանչէ, պարզապէս, իր աշխատանքը ակադեմական ուսումնասիրութիւններու ծաւալով է որ օրաթերթին մէջ տեղաւորելու խնդիրը կը յառաջացնէ):
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կը ստանձնեն տարբեր կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին մեր ընթերցողներուն զեկուցելու, թղթակցութիւններ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը:
«Ասպարէզ» յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ մեր կողքին կանգնած, յայտնի լուսանկարիչ, սփիւռքի մտաւորականութեան մէկ կարեւոր մասը իր լուսանկարչական ոսպնեակով անմահացուցած Ցոլակ Յովսէփեանին, որ վերջերս, յատուկ ջանադրութեամբ ձեռնարկած է «Ասպարէզ»ի բաժանորդներուն թիւը աւելցնելու կարեւոր գործին՝ մէկ առ մէկ հեռաձայնելով իր ծանօթ-բարեկամներու լայն շրջանակին, եւ արդէն իսկ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրած է:
Հայկական թերթի ապագային հանդէպ բոլոր թերահաւատներուն՝ Ցոլակ Յովսէփանի պատասխանը. պէտք չէ յուսահատիլ, կան շատ շատեր, որոնց փոքրիկ յիշեցում մը բաւարար է, որ անոնք դառնան հայ թերթի բաժանորդներ:
Մենք ուղղակի ոգեւորուած ենք Ցոլակ Յովսէփեանի հետեւողական ճիգի արդիւնքով եւ կը յուսանք ու կը հաւատանք, որ ան պիտի շարունակէ այս կարեւոր աշխատանքը:
Այս շարքը դեռ կրնայ շատ երկարիլ: Առայժմ՝ այսքան: