
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Առանց սահմանի լրագրողներ իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը արշաւի մը սկսած է՝ ի պաշտպանութիւն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած յայտնի թուրք լրագրող եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի: Իր կայքին վրայ կազմակերպութիւնը նշած է, որ Զարաքօլու բանտ ուղարկուած է պարզապէս, որովհետեւ իր յօդուածներուն մէջ պաշտպանած է Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութիւնը:
Թէեւ անոր կալանման պաշտօնական պատճառը յայտնի չէ, Զարաքօլուի փաստաբանը յայտնած է, որ իրաւապաշտպանը հարցաքննուած է քրտամէտ մամուլին մէջ հրապարակած իր քանի մը յօդուածներուն եւ արտասահման կատարած այցերուն համար: «Զարաքօլու 63 տարեկան է: Անոր առողջական վիճակը չի ներեր զինք մնալ բանտային պայմաններու մէջ», յայտնած է իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ նշելով, որ լրագրողը պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի:
Զարաքօլուն այն թուրք մտաւորականներէն է, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը. անոր հրատարակչատունը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բազմաթիւ գիրքեր հրապարակած է: