ՊԱՔՈՒ, «Փաստ».– Ատրպէյճանի նախագահը իր ամանորեայ ուղերձին մէջ անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ ըսելով. «Ատրպէյճանի մէջ յաջողութեամբ կը զարգանայ ժողովրդավարութիւնը։ Մղուած մեծագոյն պայքարը կաշառակերութեան դէմ է: Մէկ խօսքով, մենք կը կառուցենք ժամանակակից պետութիւն։ Մեզ ամէնէն աւելի կ՛անհանգստացնէ հայ-ատրպեճանական, ղարաբաղեան հակամարտութեան չլուծուած ըլլալը: Ատրպէյճան միշտ, յատկապէս վերջին շրջանին, այս գծով ջանքերը կ՛աւելցնէ: Բայց ինչպէս գիտէք, այդ հարցին լուծումը միայն մեզմէ կախեալ չէ»:
Ալիեւ յայտնած է, թէ միջազգային հանրութիւնն ու այդ հարցով անմիջականօրէն զբաղող կողմերը տակաւին յստակ ու բացարձակ կերպով չեն խօսիր բանակցութիւններու ձախողման գծով մեղաւոր կողմի մը մասին։
«Այս տարի նորութիւն է այն, որ համանախագահող երկիրները կը յայտարարէին, որ իրավիճակը անընդունելի է: Մենք կ՛ողջունենք այդ յայտարարութիւնները, սակայն կը նշենք, որ անոնց պէտք է յաջորդեն յստակ քայլեր, որոնք ցաւ ի սիրտ չկան», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը եւ նշած, թէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց դիւանագիտական եւ քաղաքական ջանքերը՝ աւելցնելով, որ իրենք սկզբունքային դիրքորոշում որդեգրած են բանակցութիւններուն վերաբերեալ: «Միջազգային հանրութիւնը, ՄԱԿը կը ճանչնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղը միջազգային հանրութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք: Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի այս սկզբունքներուն հիման վրայ: Մենք երբեք չենք կրնար թոյլ տալ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ատրպեճանական հողին վրայ ստեղծուի երկրորդ մտածածին հայկական պետութիւն: Ասիկա մեր սկզբունքային դիրքորոշումն է։ Մեր ռազմական հզօրութիւնը եւ ներուժը աճ կ՛արձանագրէ, մեր ռազմական ծախսերը 2011ին գերազանցած են 3 միլիառ տոլարը, ինչ որ Հայաստանի բոլոր ծախսերէն աւելի է: Յաջորդ տարի մեր ռազմական ծախսերը նոյնպէս պիտի աւելնան։ Հետագային եւս ջանք պիտի գործադրենք մեր ռազմական ներուժը հզօրացնելու։ Խաղաղ բանակցութիւններու գծով մեր յոյսերը դեռ չեն սպառած, եւ այդ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին», ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը: