ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Վերջին տարիներուն համայնքիս մէջ լոյս կը տեսնեն կարգ մը մանկական գիրքեր, որոնք կը ճոխացնեն մանուկներու լեզուական պաշարը եւ գրադարանը:

Այս կարգի գիրքերէն թուենք «Փիսիկս», «Առաւօտ» եւ «Հայկ Նահապետ» խորագիրները կրող գիրքերը, որոնք կը ներկայացուին հայ մանուկներուն, որպէս ընթերցանութեան օժանդակ նիւթ: Նաեւ հրատարակուած է «Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը» գիրքը: Բոլորին հեղինակն է դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան:
«Փիսիկս» գիրքը նախատեսուած է առաջին դասարանի աշակերտներուն համար, իսկ «Առաւօտ»ը՝ երկրորդ դասարանի: Երկուքն ալ զարդարուած են շատ գեղեցիկ գծանկարներով, որպէսզի երեխաները կարդալէ բացի՝ նաեւ գունաւորեն պատկերները: Նկատի առնելով երեխաներու տարիքային առանձնայատկութիւններն ու կարողութիւնները՝ գիրքերուն լեզուն շատ պարզ ու մատչելի է: Երկու գիրքերուն մէջ ալ նիւթը ներկայացուած է հայերէնի երկու տարբերակներով՝ թէ արեւելահայերէն եւ թէ արեւմտահայերէն: Նիւթը աշակերտներու առօրեային կը վերաբերի:
«Հայկ Նահապետ»ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութենէն կարեւոր դրուագ մը, որ մշակուած է պատմուածքի ձեւով ու ոճով եւ կ՛ընթանայ պապիկ ու թոռնիկի միջեւ զրոյցի ձեւով: Գիրքը պատկերազարդ ու գունատիպ է: Նկատի ունենալով բովանդակութեան ծաւալը՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակները առանձին գիրքերով տպագրուած են:
«Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը» գիրքը կը պարունակէ հայերէնի ուղղագրութեան կազմաւորման համառօտ պատմականը եւ դարերու ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր փոփոխութիւնները: Գիրքին հիմնական բաժինը համապատասխան օրինակներով եւ քով քովի կը ներկայացնէ դասական եւ նոր (հայաստանեան) ուղղագրութիւններուն կանոնները եւ ցոյց կու տայ երկու տարբերակներուն մէջ, թէ՛ նոյնանման եւ թէ իրարմէ տարբեր օրէնքները: Գիրքը նախատեսուած է, իբրեւ օժանդակ ձեռնարկ, հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն անսխալ հայերէն գրել:

Դոկտ. Հայրապետեան իր կրթական լայն փորձառութեամբ, որպէս հմուտ դաստիարակ եւ ներհուն մտաւորական, վերոնշեալ հրատարակութիւններով սատար կը հանդիսանայ մեր մայրենի լեզուն հայ մատղաշ սերունդին մատչելի դարձնելու գործին՝ արդիական դաստիարակչական մօտեցումով: Իսկ ուղղագրութեան գիրքը յոյժ կարեւոր ներդրում կը կատարէ մեր մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու ջանքերուն ուղղութեամբ: Սոյն աշխատասիրութիւնը, որպէս դասագիրք կ՛օգտագործուի «Մաշտոց» քոլեճի հայագիտութեան հետեւող ուսանողներուն կողմէ, իր իսկ՝ դոկտ. Հայրապետեանի դասաւանդութեամբ:
Վերոնշեալ գիրքերը կարելի է ձեռք բերել «Մաշտոց» քոլեճէն կամ Կլենտէյլի հայկական գրախանութներէն, ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ կայքէջէն՝ www.armenianbooksonline.com
Hola, queria saber donde y como puedo conseguir esos libros. Soy maestra de cultura armenia en el colegio Jrimian en Buenos Aires, Argentina, y estoy en busqueda de material para niños de primaria.
Shad Shnoragalem