ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 2012ի Ապրիլէն սկսեալ Արցախի մէջ պիտի սկսին բուսական իւղ արտադրել: ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հաւաստիացումով՝ հանրապետութեան մէջ պիտի արտադրուի ժամանակակից ճարտարագիտութիւններուն համապատասխանող եւ օգտակար բուսական իւղ:
«Կ՛ունենանք ե՛ւ մատչելի գին, ե՛ւ որակեալ բուսական իւղ», հաստատած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ հումքը պիտի ըլլայ տեղական, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ արտադրանքը վաճառելու աւելի մատչելի գիներով: