ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանեան «Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանը անցեալ Երկուշաբթի օր պատկերասփռած էր զրոյց մը՝ Պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութէանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ: Յայտագիրին ընթացքին Սիպահի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտած էր, պատմական անճիշդ տեղեկութիւններ հաղորդած եւ բազմաթիւ փաստեր խեղաթիւրած:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Երեքշաբթի առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատած է «Էյ. Էն. Պի.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր բաժնետէրերէն Նազմի Էօճիի հետ եւ բուռն կերպով լիբանանահայութեան ընդվզումը փոխանցած Երկուշաբթի օրուան հակահայ հաղորդումին առիթով: Ան պահանջած է բացայայտել նման հաղորդումի մը սփռումին դրդապատճառները: Հաղորդում մը, որ ոչ միայն կը խեղաթիւրէ եւ կ՛ուրանայ պատմական ճշմարտութիւնները, այլեւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ եւ գրգռութիւններ կը յառաջացնէ անոր նկատմամբ:
Նազմի Էօճի իր կարգին հաստատած է, որ պատկերասփիւռի կայանը որեւէ ձեւով նման նպատակներ չի հետապնդէր, այլ ընդհակառակն՝ բարձր կը գնահատէ հայութեան դերակատարութիւնը եւ չի բաժներ պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու միտող որեւէ կեցուածք: Ան աւելցուցած է, որ կայանը մնայունօրէն իր եթերը բաց կը պահէ հայկական տեսակէտներուն առջեւ եւ որեւէ ձեւով չի հակադրուիր անոնց: Ան յստակացուցած է նաեւ, որ տնօրէնութեան որոշումով հաղորդումի սփռումի կրկնութիւնը կասեցուած է: