
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մաշտոց» քոլեճը կը տեղեկացնէ, թէ 2012ի գարնանային կիսամեակը պիտի սկսի Փետրուար 13ին ու արդէն իսկ սկսած է դիմումնագիրներ ընդունելու:
Մինչեւ Յունիս երկարող կիսամեակի ընթացքին պիտի տրամադրուին 38 դասընթացքներ, որոնք են՝ հայերէն (սկսնակ, միջին եւ յառաջացեալ), շարահիւսութիւն, Սփիւռքի պատմութիւն, Հայ Դատ, թարգմանական արուեստ (անգլերէն-հայերէն-արաբերէն), իրաւաբանի օգնականներու յատուկ 4 դասընթացք, մանուկներու դաստիարակութեան 8 դասընթացք, հոգեբանութեան՝ 2, հաշուեգրութեան՝ 4, համակարգիչներու գիտութեան՝ 6, անգլերէնի՝ իբրեւ երկրորդ լեզու (երեք մակարդակ) եւ օտար լեզուներու (արաբերէն, պարսկերէն եւ սպաներէն):
«Մաշտոց» քոլեճի կրթական ծրագիրները վաւերացուած են Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ:
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-9345 թիւին կամ mashdots@aol.com հասցէին: