ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արհեստագիտութիւնը միշտ արժանացած է «Շամլեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութեան յատուկ ուշադրութեան՝ մանաւանդ ներկայ դարուս պահանջկոտ պայմաններուն մէջ: Այս տեսլականով, վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնարկեց իր նախկին աշակերտներու արխիւներու ելեկտրոնական պատճէններու ստեղծման աշխատանքին: Մանրակրկիտ փնտռտուքէ ետք, աշխատանքը յանձնուեցաւ «Document Preparation Solutions» ընկերութեան, որ մասնագիտացած է այս բնագաւառին մէջ:
Ներկայիս կը պատրաստուին բազմահազար արխիւներու ելեկտրոնական տարբերակները, իսկ թղթածրարները բծախնդրօրէն կ՛ոչնչացուին:
«Այս ձեւով, ոչ միայն կը փրկենք կարեւոր տեղեկութիւններ ստոյգ փճացումէ ու կը խնայենք բաւական տեղ, այլ նաեւ կոճակ մը սեղմելով՝ ձեռք կը բերենք անհրաժեշտ տեղեկութիւնները», յայտնեց վարժարանի արխիւներու պատասխանատու Նազելի Շահինեանը ու աւելցուց. «Աւելի քան 40,000 էջեր ներմուծուած են փոքր խտասալիկի մը մէջ»:
«Ահաւասիկ հսկայ ոստում մը եւս «Շամլեան»ի համար», յայտնեց վարժարանի տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանը:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)