ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աչքը լոյս շրջանի մանուկներուն եւ պատանիներուն, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ ծնողներուն, որոնք 14-15 Յունուար 2012ի շաբաթավերջին, իրենց զաւակները զբաղեցնելու բացառիկ առիթ մը պիտի ունենան: Իսկ այդ առիթը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան շրջանային վարչութեան նախաձեռնած ՀՕՄի ձմեռնային հրաշալիքներու երկօրեայ փառատօնն է, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, 500 S. Central Ave. in Glendale, CA:
Փառատօնը բաց պիտի ըլլայ Շաբաթ, 14 Յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10, իսկ Կիրակի օր, 15 Յունուարին՝ կէսօրէ առաջ ժամը 10էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10:
Մուտքի սակը մէկ օրուան համար 3 տոլար է, իսկ երկու օրուան համար՝ 5 տոլար: Մուտքի տոմսէն բացի, պիտի վաճառուին նաեւ զեղչուած սակերով խաղերու մասնակցութեան տոմսեր:
ՀՕՄի այս փառատօնը նպատակ ունի ուրախ մթնոլորտի մը մէջ համախմբել շրջանի մանուկներն ու պատանիները՝ հրմացնելով անոնց հայկական մշակութային գեղեցիկ միջավայր մը՝ զանազան խաղերով, գեղարուեստական յայտագիրներով, մանկական խաղերով, խաղալիքներով եւ գեղեցիկ անակնկալներով: Ընտանեկան հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:
Երկօրեայ փառատօնին եզակի երեւոյթը ձիւնի հետ խաղալու բացառիկ առիթն է: Առատ ձիւն պիտի տեղադրուի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր մանուկներուն եւ պատանիներուն լայն ժամանակ պիտի տրամադրուի խաղալու ձիւնին հետ եւ յագեցնելու իրենց ձիւնագնդակին հետ խաղալու ծարաւը:
Փոքրիկները ուրախ պահելու համար, հրապարակի վրայ պիտի ըլլան մանկական տասը տեսակ հետաքրքրական խաղեր, պիտի վաճառուին համադամ ճաշեր եւ ըմպելիներ: Այցելուներու հետաքրքրութեան համար, փառատօնի շրջափակէն ներս պիտի տեղադրուին նաեւ զանազան վաճառատուներու կրպակներ: Երկօրեայ գեղարուեստական ծրագիրներուն պիտի մասնակցին ՀՕՄի վարժարաններու աշակերտութիւնը եւ շրջանի ծանօթ պարախումբերը:
Փառատօնի հասոյթը պիտի տրամադրուի տեղական եւ միջազգային ծրագիրներու, որոնք կը նպաստեն անհատներու եւ համայնքներու կարիքներուն, ինչպիսին են խորհրդատուութիւնը, ընկերային ծառայութիւնը, բնական աղէտներու օգնութիւնը, կրթաթոշակները եւ երիտասարդական ծրագիրները:
Փառատօնի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է ստանալ՝ հեռաձայնելով ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակը՝ (818) 500-1343 թիւին, կամ դիմելով ե-նամակի office@arswestusa.org հասցէին, ինչպէս նաեւ՝ այցելելով ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը: