
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- «Կաֆկազինֆօ» լրատուական կայքը գրած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա չէ կրցած Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վերանշանակուիլ իր ատրպեճանամէտ գործունէութեան պատճառով՝ աւելցնելով, որ այդ գործունէութիւնը, իր կարգին, հետեւանք է ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու կողմէ իրեն շռայլուած նուէրներուն:
Ատրպեճանական լրատուական կայքը աւելցուցած է, թէ Պրայզայի «ատրպեճանական դժբախտութիւնները» սկսած են ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահի պաշտօնը վարած օրերուն՝ ազգութեամբ թուրք Զէյնօ Պարանի հետ ամուսնութեան իր հարսանեկան հանդէսէն, որուն մասնակցած էին ատրպէյճանցի մեծ թիւով նախարարներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Անոնց մէջ եղած է Ատրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութեան (SOCAR) նախագահ Ռովնակ Ապտուլլաեւ եւ այդ օրերու տնտեսական զարգացման նախարար Հէյտար Պապաեւ, որոնք Պրայզային թանկարժէք առագաստանաւ, ամառանոց եւ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ նուէրներ շնորհած են:
«Այսօր մենք ճշմարտօրէն կրնանք ըսել, թէ Մեթիու Պրայզա ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու զոհն է: Բայց այդ պաշտօնեաները պէտք է վերջապէս հասկնան, թէ ո՛վ ալ ըլլայ Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, ան պիտի պաշտապնէ ի՛ր երկիրի շահերը: Այս միջադէպը ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն համար հերթական դիւանագիտական դաս մը պէտք է ըլլայ՝ նման իրավիճակներու մէջ իրենք զիրենք կարգին պահելու համար», կ՛եզրակացնէ «Կաֆկազինֆօ»: