
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան Թուրքիոյ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ դատ բացած է, որպէսզի հայ համայնքը վերատիրանայ Սիրքեճիի «Սանասարեան խան»ին, որ տարիներ առաջ պետութեան որոշումով պետական գանձին փոխանցուեցաւ։
Այս կառոյցը տխրահռչակ անուն ունի, որովհետեւ պետական գանձին փոխանցուելէ ետք, «Սանասարեան» անունով ծառայած է իբրեւ բանտ, ուր արգելափակուած, չարչարանքներու ենթարկուած, երբեմն ալ մահացած են թուրք քաղաքական կեանքի կարեւոր դէմքեր, ինչպէս՝ Նազըմ Հիքմեթ, Վետաթ Թիւրքալի, Աթիլլա Իլհան։
Անիկա աւելի ուշ վարձու տրուած եւ գործածութեան յանձնուած է զանազան ասպարէզներու տէր անձերու, առաւելաբար՝ փաստաբաններու։
Պատրիարքարանի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու «Սանասարեան»ի դատը բացած է եւ անցեալ շաբաթ կայացած դատավարութեան նիստին ընթացքին յաջողած է շէնքին վրայ սառեցման որոշում կայացնել։ Այս զարգացման հիման վրայ, շէնքը այսուհետեւ պիտի չկարենայ նոր վարձակալ ընդունիլ։