ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման նպատակով համագործակցելու Հայաստանի եւ Յորդանանի կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիր կնքելու առաջարկին:
Յունուար 19ի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան յայտնեց, թէ Հայաստանը հիւլէակայանի կառուցման հարցով պիտի աջակցի Յորդանանին: Ըստ անոր, անոնք հիւլէակայան չունին, ատիկա առաջինը պիտի ըլլայ երկրին մէջ եւ բաւական մեծ փորձառութիւն ունեցողի խորհրդատուութեան կարիք ունին: «Մեր համագործակցութիւնը կը լինի այդ սահմաններում՝ մասնագէտների պատրաստման, ընդհանուր փորձի փոխանակման եւ այլն», նշեց Ա. Մովսիսեան: