ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յովհաննէս Թումանեանի տունը հաւանաբար ձեռք կը ձգէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ, գործարար Գագիկ Ծառուկեան: Այս մասին «Թեր»չը տեղեկացած է հաւաստի աղբիւրներէ:
Անցեալ Հինգշաբթի օր, խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի մօտ, որուն ընթացքին հայ մեծանուն գրողի ծոռնուհի Իրմա Սաֆրազբեկեան տեղեկացուցած էր, որ իր մեծ հօր Թիֆլիսի մէջ գտնուող տունը արդէն գնորդ ունի: Գնորդը մտադրութիւն յայտնած էր տունը գնելէ ետք զայն նուիրել Թիֆլիսի հայկական համայնքին՝ հետագային զայն մշակութային կեդրոնի վերածելու պայմանով:
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, որ նոյնպէս ներկայ եղած էր քննարկումին, «Թեր»չին հաւաստիացուցած է գնորդին առկայութիւնը, սակայն նպատակայարմար չէ նկատած անոր անունը յայտարարել:
«Վարչապետի մօտ քննարկուեցին տարբեր տարբերակներ: Առաջարկուեց նոյնիսկ համահայկական դրամահաւաք իրականացնել, հիմնադրամներ կազմաւորել: Սակայն Թումանեանի թոռնուհին ասաց, որ այդ գործընթացը կարող է երկար ժամանակ պահանջել: Թումանեանի թոռնուհին ասաց. «Պարոն վարչապետ, եթէ դէմ չէք, կա՛յ մի գործարար, որը պատրաստ է գնել»: Վարչապետն էլ ասաց «ի հարկէ, դէմ չենք», «Թեր»չին յայտնած է Լեւոն Անանեան: