ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանէն (արտերկրի միակ հայկական համալսարանը) ներս Չորեքշաբթի, 25 Յունուարին, բացումը կատարուեցաւ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, նրկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Լիբանանեան համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար դոկտ. Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնի, պետական երեսփոխաններու, ազգային, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներու:
Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ» շէնքին մէջ կայացած այս ձեռնարկին սկզբնաւորութեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան եւ ձեռնարկի հովանաւոր՝ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» ֆոնտին հիմնադիր Երջօ Սամուէլեան վար առին կեդրոնին յատուկ ցուցատախտակի քօղը:
Փօլ Հայտոսթեան իր խօսքի մէջ ընդգծեց, որ Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնումը «մեզ կը մղէ դիմակալելու նոր փուլի մը մարտահրաւէրները»: «Մշակութային իր բացառիկ աւանդով ու հայկական արմատական ու հոծ ներկայութեամբ յատկանշուող Լիբանան խթան կը հանդիսանայ, Հայկազեան համալսարանը նկատելու բնական վայրը՝ հայութեան ու անոր միջինարեւելեան սփիւռքի ուսումնասիրութեան»:
Հայկազեան համալսարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ կեդրոնի տնօրէն նշանակուած է դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ 2010ին Կալեսի Սուանսի համալսարանին մէջ ներկայացուց իր դոկտորայի աւարտաճառը՝ «Ժողովրդավարութիւն եւ համարկում բազմահամայնքային քաղաքական վիճակներու մէջ. հայերու եւ քիւրտերու պարագան Լիբանանի մէջ» խորագիրով:
Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, շեշտեց, թէ հայերու կապը արաբական արեւելքին հետ կու գայ նախքան Քրիստոս առաջին դարէն, իսկ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի բնակիչ «Սիսի» (Sisy family) գերդաստանը հաստատուած է լիբանանեան Քալամուն (Qalamoon) շրջանը 1350ին, ապա տեղափոխուած Զղարթայի շրջանը: Ապա դոկտ. Տագէսեան թուեց Լիբանանի հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոնները, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի, Համազգայինի եւ ՀԲԸՄի մէջ, որոնց նպատակն էր հայեցի բարձրագոյն ուսում ջամբել իրերայաջորդ հայ նոր սերունդներուն, մինչ Հայկազեան համալսարանին մէջ 1955ին հիմնուած Հայագիտական ամպիոնի բաժանմունքը համալսարանական դասաւանդութեամբ կը յատկանշուէր:
«Հոսկէ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հաստատման կարեւորութիւնը», ըսաւ դոկտ. Տագէսեան: