ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՀՀ Ազգային ժողովի Պետա–իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը Փետրուար 15ին հրաւիրած է խորհրդարանական լսումներ՝ «100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցում կատարելու հարց»ի քննարկման օրակարգով։
Մեր երկրին մէջ գործող օրէնսդրութեամբ, Ազգային ժողովը կը բաղկանայ 131 պատգամաւորներէ, որոնց 90ը կ՛ընտրուի համամասնական, իսկ 41ը մեծամասնական ընտրակարգով (70 եւ 30 առ հարիւրի յարաբեկցութեամբ)։
Քսանամեայ իր անկախութեան ամբողջ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պահպանած է զոյգ ընտրակարգերը, թէեւ ըստ քաղաքական ուժերու դասաւորման՝ տարբեր առիթներով փոխած է անոնց յարաբերակցութիւնը։ Նկատելի է ընդհանուր հակում մը՝ մեծամասնականի տոկոսային կշիռը նուազեցնելու ի նպաստ համամասնականի տոկոսային ընդլայնումին։
ՀՀ ընտրական օրէնսդրութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւնը համատեղումն է զոյգ ընտրակարգերուն։ Ընտրելու պայմանները ամբողջացնող իւրաքանչիւր ՀՀ քաղաքացի կը քուէարկէ, միաժամանակ, թէ՛ իր արձանագրուած ընտրաշրջանի պատգամաւորական թեկնածուներուն (մեծամասնական ընտրակարգով՝ 41 ընտրաշրջան, իւրաքանչիւրէն՝ մէկ պատգամաւոր), թէ՛ ամբողջ հանրապետութեան տարածքին ընտրապայքարին մասնակցելու օրինական պայմանները ամբողջացնող կուսակցութեանց նկատմամբ իր նախասիրութիւնը եւ զօրակցութիւնը ամրագրելու համար։
Համամասնական ընտրակարգով մրցող կուսակցութիւնները օրէնքով պարտաւոր են, 90 պատգամաւորական տեղերուն համար, առաջադրել իրենց սեփական թեկնածուներու ցուցակը՝ ընտրուելու առաջնահերթութեան կարգ մը օրինականօրէն հաստատագրելով։ Այսինքն՝ կուսակցութեան մը նուաճած քուէներու տոկոսին եւ ապահոված պատգամաւորներու թիւին համապատասխան, ընտրուած կը համարուին համամասնական ցուցակը գլխաւորող առաջնայինները։ Նաեւ՝ կուսակցութեան մը համամասնական ցուցակով առաջադրուիլը արգելք չէ, որ միեւնոյն քաղաքական գործիչը իր թեկնածութիւնը դնէ մեծամասնական ընտրակարգով։ (Մեծամասնականով յաղթած եւ ընտրուած պատգամաւորական թեկնածուին անունը դուրս կը հանուի իր պատկանած կուսակցութեան համամասնական ցուցակէն, որպէսզի տուեալ կուսակցութեան ստացած ընդհանուր քուէին համապատասխան՝ ընտրուած պատգամաւորներու առաջնահերթութեան շարքը վերադասաւորուի)։
Ուշագրաւ է, որ մեր երկրի քսանամեայ ժողովրդավարութեան կենսափորձով՝ մեծամասնական ընտրակարգը վերածուած է օրուան իշխանութեան եւ ստուերային ուժերու այսպէս կոչուած «սերտաճում»ը օրինականացնող… օրէնսդրական լծակի։
Այլ երկիրներու եւ ժողովրդավարական հարուստ աւանդ ունեցող հասարակութեանց պարագային, մեծամասնական ընտրակարգը կ՛օգնէ, որ ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացին իր տարածաշրջանի պատգամաւորական թեկնածուն արժեւորէ նաեւ այս վերջինի անհատական վարքագիծով՝ խնդրոյ առարկայ թեկնածուին կուսակցական պատկանելիութենէն անդին անցնելով (որովհետեւ կարելի է կուսակցութեան մը զօրակցիլ, առանց զայն ներկայացնող այս կամ այն պատգամաւորական թեկնածուին նկատմամբ անպայման ունենալու զօրակցական միեւնոյն մօտեցումը)։
Ճիշդ հակառակը կը պատահի մեր հայրենիքի դեռատի ժողովրդավարութեան պարագային։
Մեծամասնական ընտրակարգով Ազգային ժողովի պատգամաւոր կ՛ընտրուին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, այսպէս կոչուած՝ թաղային հեղինակութիւնները եւ քաղաքական խաթարուածութեան «սեւ ասպետներ»ը, որոնք տնտեսական մենաշնորհներու եւ իշխանութեան չարաշահումներու ներկայ՝ արատաւոր համակարգը շարունակելու, արմատաւորելու եւ վերարտադրելու ամբողջական պատրաստակամութիւնը եւ բոլոր հնարաւորութիւնները ունին։ Արդէն այլեւս պէտք ալ չունին ընտրակաշառքով քուէ հաւաքելու (թէեւ այդ ալ կ՛ընեն մանաւանդ երբ մեծամասնական ընտրակարգով իրարու հետ մրցակցութեան մէջ կը մտնեն)։ Փաստօրէն օրուան իշխանութեանց հետ անոնք այնքան սերտ գործակցութեան մէջ են, որ Ազգային ժողովի պաշտօնավարութեան քառամեայ շրջանին ամբողջ տեւողութեան՝ աւելի ու աւելի «վարձահատոյց» կը դառնան անհատապէս եւ մեծամասնական ընտրակարգով իրենց քուէ տուող, նաեւ ու մանաւանդ՝ իրենց հետ իշխանաւոր այս կամ այն ուժին եւ կուսակցութեան համամասնական ընտրակարգով զօրակցող ընտրազանգուածին։
Հետեւանքը մեր ժողովուրդին ակնյայտ երկփեղկումն ու բեւեռացումն է թշնամաբար տրամադրուած ճամբարներու միջեւ։
Այդ մեկնակէտով ալ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը, իրենց կողքին ունենալով մինչեւ իսկ իշխանաւոր համախմբումին մաս կազմող քաղաքական գործիչներ, 2012ի ընտրութեանց սեմին սուր կերպով օրակարգի վրայ դրած են հարիւր առ հարիւր տոկոսով համամասնական ընտրակարգի որդեգրման պահանջը։
Յատկապէս Դաշնակցութիւնը արմատականօրէն կառչած է մեծամասնական ընտրակարգը ամբողջապէս համամասնականով փոխարինելու առաջադրանքին, որովհետեւ այլ ճամբով անհնար է երաշխաւորել մաքուր եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը։ Մեր ժողովուրդի պետական, ազգային–քաղաքական եւ տնտեսական–հասարակական կեանքը արմատական բարեփոխման կարիքը ունի։ Իսկ արատաւոր ու խաթարուած կառավարման համակարգի այսօրինակ պայմաններուն մէջ, իշխանութեան եւ ստուերային ուժերու սերտաճումը օրինականացնող որեւէ ընտրակարգ, ինչպիսին է կիրարկուած մեծամասնականը, կրնայ ծառայել միայն չարիքի բոյնը պահպանելու եւ զօրացնելու նպատակին։
Քաղաքական փորձը անշուշտ կը սորվեցնէ, որ համամասնական ընտրակարգին հարիւր տոկոսով որդեգրումը ինքնին բաւարար երաշխիք չէ, որպէսզի մեր հայրենիքն ու հասարակութիւնը լիովին պաշտպանուած ըլլան առանձնաշնորհումներու եւ չարաշահութեանց վտանգին դէմ։
Առանց մեծամասնական ընտրակարգի եւ լրիւ համամասնական ընտրապայքարի պայմաններուն մէջ ալ բացառուած չէ, անկասկած, որ մեր երկրի կառավարման արատաւոր ու խաթարուած համակարգը վերարտադրէ ինքզինք՝ ազատ ու թափանցիկ կերպով կատարուած քուէարկութեանց ճամբով խափանելով… մաքուր եւ արդար ընտրութեան կայացումը։
Այդ առումով ալ Փետրուար 15ի խորհրդարանական լսումները, եթէ անշուշտ յանգին ամբողջապէս համամասնական ընտրակարգի որդեգրումին, քաղաքացիական զգօնութեան առիթը կ՛ընծայեն մեր ժողովուրդին, որպէսզի տէր կանգնի իր քուէին եւ անոր մէջ կուտակուած՝ մաքուր եւ արդար կառավարման համակարգ հաստատելու ուժին։