ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան համաձայն, նախորդ շաբաթ Խրուաթիոյ Տուպրովնիկ քաղաքին մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է Կոմիտասի անուան քառեակը՝ «100 համերգ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին» նախագիծի ծիրին մէջ։
Յիշեցնենք, որ ծրագիրը Հայաստանի մէջ սկսած է 2011 Նոյեմբերի աւարտին: Նախագիծով նախատեսուած է համերգները իրականացնել ողջ աշխարհի տարածքին՝ մինչեւ 2015 (1915ի Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը):
Հաղորդագրութեան համաձայն, Կոմիտասի անուան քառեակը համերգային ծրագիրով հանդէս եկած է «Մալէ Բրաչէ» տաճարին մէջ՝ Տուպրովնիկ քաղաքի քաղաքապետարանի հրաւէրով, Տուպրովնիկի մէջ իրականացուող Սուրբ Վլասիին նուիրուած տարեկան հոգեւոր փառատօնի օրերուն:
Նշենք, որ Կոմիտասի անուան պետական լարային քառեակը, որ հիմնադրուած է 1924ին, Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր երաժշտական խումբերէն մէկն է: