ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իր ունեցածէն աւելին տալու պատրաստակամ մարդոց կարելի է հանդիպիլ: Ասիկա շատ գնահատելի երեւոյթ իբրեւ նկատի կ՛առնուի յաճախ, եւ ընդհանրապէս գովեստներու կ՛արժանանան զայն իրագործել կարողացող անձեր: «Այրի կնոջ լումայ» դառնալու նման երեւոյթ է սա ընկերային կեանքի մէջ, երբ մարդ իր նիւթական կարողականութենէն անդին կ՛ուզէ անցնիլ, ոտքերը վերմակէն դուրս հանելու գնով, աւելիո՛վ օգտակար դառնալու համար շրջապատին:
Աւետարանի դրուագը ծանօթ է, երբ Յիսուս գնահատեց այրի կինը, որ միայն երկու լումայ ձգեց տաճարի գանձանակին մէջ: Գումար՝ որ իր ամբողջ ապրուստն էր: Մինչ ուրիշներ, իրենց ունեցածին աւելցուքէն կը դնէին տաճարի գանձանակին մէջ (Հմմտ Մր. 12.41-44):
Նոյնը կարելի չէ՛ ըսել սակայն իր եղածէն աւելին դառնալ փորձողներուն համար: Մարդկային կարողութիւնները ունին իրենց սահմանագծումները: Այդ իսկ պատճառաւ մարդիկ երբ որոշ պարտաւորութիւններու դիմաց գտնուին, կամ իրենց ուսերուն ծանր պատասխանատուութիւններ դրուին, համեստութիւնը կ՛ունենան յայտարարելու, թէ իրենց «կարողութեան ներած չափով» օգտակար պիտի հանդիսանան տուեալ ընկերութեան կեանքին:
«Մեծ-մեծ ջարդող»ներու ինքնահաւան փաղանգը միշտ ալ շուտով զինաթափ կ՛ըլլայ, ինչքան ալ «Քաջ Նազար»եան սուրը ճօճէ, օդին մէջ սաւառնող միջատները կիսելու հպարտութեամբ…: Գործնական գետնի վրայ, անոնք «կիսուելով» աւելի պիտի աճին, եւ շարունակեն պատուհասել մթնոլորտին անդորրութիւնը, նոյնիսկ իրենց անլսելի բզզիւնով:
Իրենց ունեցածէն, եղածէն ու նոյնիսկ ըլլալիքէն աւելի յարգանքի ակնկալիք ունեցող սնափառ անձերու մասնաւոր խրատ գոյութիւն չունի, որովհետեւ կարծէք անոնց համար ըսուած է, «սեւը սապօնն ի՞նչ անի, խեւը խրա՛տն ի՞նչ անի» հայկական առածը: Թէեւ իր մորթային թուխ գոյնին պատճառաւ սեւամորթին կ՛ուղղուի այս խօսքը, սակայն ատիկա վերոյիշեալ չխրատուող անուղղայ բոլոր «սեւամորթներուն» ուղղուած խօսք է, մօտ թուխ գոյնի մորթին վրայ չերեւիր, այլ՝ ուղեղին վրայ…:
Այս վերոյիշեալները ո՛չ միայն ակնկալիք կ՛ունենան յարգանքի, այլ՝ պահանջք. միակ բանը, որ կարելի չէ՛ պահանջել, ատիկա ալ յարգանքն է: Որովհետեւ յարգանքը ո՛չ կը պահանջուի, ո՛չ ալ կը պարտադրուի: Ատիկա կը ստացուի ըստ արժանւոյն եւ ըստ յարմարութեան:
Բարոյական դասը այս մասին, ճաշարանի սպասեակը տուաւ, երբ ինքնահաւան յաճախորդը յանդիմանեց զայն շատ բիրտ կերպով:
Կը պատմուի, թէ ճաշարանի մէջ իր ապսպրած սովորական ապուրին մէջէն ձաւարի պարկի հաստ դերձանի կտոր դուրս կու գայ: Յաճախորդը զայրացած իր մօտ կը կանչէ սպասեակը: Արդէն ձանձրացած քմահաճ յաճախորդին կողմնորոշուելու դժուարութենէն, եւ հազիւ ապսպրանքը առած ու ապուրը բերած անոր՝ սպասեակը չկամութեամբ կը մօտենայ սեղանին:
Ներկայ միւս յաճախորդներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելու յատուկ ճիգով, յաճախորդը կը բողոքէ իր ապուրին մէջէն դուրս եկած դերձանին համար՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ եթէ սխալմամբ բերանը տանէր դգալը, կրնար խեղդուիլ, եւ այլն:
Սպասեակը ինչքա՛ն ալ ջանար ձեռքի, աչքի ու յօնքի նշաններով հասկցնել փորձել, որ յաճախորդը մեղմացնէր իր ձայնը, ճաշարանին վարկը բարձր պահելու եւ ներկայ միւս յաճախորդները չխրտչեցնելու նպատակով, դժգոհ յաճախորդը աւելի կը բարձրացնէր իր ձայնը ու գանգատները կ՛աւելցնէր:
Կացութիւնը փրկելու համար, սպասեակը ինք ալ ի՛ր ձայնը բարձրացնելով՝ կ՛ըսէ բորբոքած տրամադրութեամբ յաճախորդին.
– Բայց ներեցէ՛ք պարո՛ն, դուք այս ապուրին համար ընդամէնը ջնջին գումար պիտի տաք, եւ կ՛ուզէք, որ անոր մէջէն պարսկական գո՞րգ դուրս գայ: Ձեր տալիք գումարին համաձայն, միայն անոր մէկ թելը դրուած է ձեր ապուրին մէջ…:
Իմաստալից պատգամ կայ այս հեգնանքին մէջ, որ ներկայ կեանքի մայթերուն վրայ փռուած բազմաթիւ խեղճութիւններու կարելի է իբրեւ դաս ծառայեցնել:
Դրամագլուխդ ինչքա՛ն է՝ անոր համապատասխա՛ն վարձատրութիւն պիտի ստանաս: Կեանքիդ գանձանակը լեցուն ըլլալու է, որպէսզի ակնկալած «գորգերդ» փռուին ոտքերուդ տակ: Այլապէս, գնչուներու կարպետներուն ալ արժանի պիտի չըլլաս, ինչքան ալ պարսկական գորգերու վրայ նստած թռչիս երազիդ թեւերով, Իսֆահանէն մինչեւ Պաղտատ, եւ մինչեւ անուրջներուդ անծայրածիր հորիզոնները լոյսի:
Պատրաստութիւնը, կազմաւորումն ու ինքնազարգացումը այն միջոցներն են, որոնք կրնան յաւելում կատարել դրամագլուխին վրայ: Գնահատուելու ձգտումը շատ բնական մէկ արտայայտութիւնն է մարդկային հոգիին: Կենդանական աշխարհին մէջ ալ կը տեսնուի, որ կրկէսներու մէջ զանազան կրթուած շարժումներ ընող կենդանիներ, ընտանիներէն սկսեալ մինչեւ գիշակեր թռչուններն ու յօշոտող գազանները, իրենց հնարքները կը կատարեն կերակուրի կտորներով գնահատուելու ձգտումով: Մարդուն պարագային աւելի՛ շեշտուած է գնահատուելու ներքին զգացումը, որ բաւարարութեամբ կը յագեցնէ իր հոգին:
Սակայն այնպէս, ինչպէս կենդանին իր կատարած համաչափ շարժումներուն ու կրթուած արարքներուն համար արդարօրէն եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի, պէտք է նաեւ մարդը իր արժանիքներուն համապատասխան գնահատանք ու վարձատրութիւն ստանայ:
Մարդկային կեանքի անարդար ու անհաւասար ըլլալու մասին բացատրութիւն տալու կարիք չենք զգար, ատիկա ծանօթ է ամէնուն: Սակայն, արդար գնահատանքը եւ ըստ արժանւոյն վարձատրութիւնը բոլորին կողմէ փնտռուած երեւոյթ է կեանքի մէջ:
Այստեղ կը մնայ չափանիշներու ճշդումի հարցը: Ո՞վ պիտի արդար վարձատրութեան չափը ճշդէ: Կասկած չկայ, որ հաւատացեալ մարդուն հոգին միշտ կը խայտայ՝ սպասելով երկնային վարձատրութեան, որ ամէնէն արդարն է, անկասկա՛ծ: Սակայն այս երկրաւոր կեանքին մէջ, հանրային կարծիքը միշտ աւելի գերադաս կը նկատուի, քան անհատական ու քմահաճ կարգադրութիւններն ու տնօրինումները, որոնք յաճախ հիմնուած կ՛ըլլան բարեկամութիւններու վրայ: Առհասարակ գործի ասպարէզին մէջ տեղ կը տրուի ո՛չ անպայման աշխատանքի մասնագիտութիւնը ունեցող անձերուն, ո՛չ արժանիքներով բարձր դրամագլուխ ունեցողներուն, ո՛չ ալ անպայման դիմացինին վստահելիութիւն ներշնչող անձերուն, այլ՝ առաւելաբար բարեկամական կապերով տուեալ գործատէրին հետ ծանօթութիւն ունեցողներուն:
Վարձատրուելու մարդկային բուռն ձգտումիդ հետ, անպայման բարձրացո՛ւր նաեւ արժանիքներուդ դրամագլուխը, որովհետեւ ունեցած դրամագլուխիդ չափով պիտի գնահատուիս: