
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին կազմակերպած մէկ աշխատանիստին ընթացքին, Լոս Անճելըս գտնուող «Կրեն»չ վարժարանի ուսուցիչները Յունուար 17ին մօտէն ծանօթացան Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման միջնոցներուն:
Յայտնենք, թէ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրէն գնած է Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող դասաւանդման նիւթերը՝ իր բոլոր վարժարաններուն համար:
Աշխատանիստին ընթացքին, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի Հարաւային Քալիֆորնիոյ բաժանմունքի համակարգող Սիւզան Տուզմանեան բացատրեց նշեալ դասաւանդման նիւթերը լաւագոյնս օգտագործելու միջոցները, իսկ աշխատանիստի աւարտին, վարժարանի ընկերային ուսմանց բաժանմունքի պատասխանատու Քեւըն Քրուշքա դրուատեց ներկայացումը եւ վստահեցուց, թէ անոր շնորհիւ մեծ թիւով հայ աշակերտներ ունեցող վարժարանի ուսուցիչները աւելի՛ լաւ ձեւով պիտի կարենան ներկայացնել Հայակական Ցեղասպանութեան դասանիւթը:
Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը լաւագոյն միջոցներով ներկայացնելու եւ զայն վարժարանի դասաւանդման ծրագիրին հետ համակարգելու նպատակով՝ Քրուշքա խորհրդակցութիւններ ունեցած է նաեւ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի կրթական բաժանմունքի վարիչ Սարա Քոհընի հետ:
Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանը կը հանդիսանայ Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մեծագոյն կրթաշրջանը, եւ մօտաւորապէս 8 տարիներէ ի վեր կը համագործակցի Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին հետ: