
Յունուար 29ին, «Հայ Քաջ Տօ»ի Սան ֆերնանտօ հովիտի կեդրոնական մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Քաջ Տօ»ի երկրորդ բարեկամական մրցաշարքը, որ ընդգրկեց կէտային հարուածներու (point fighting), շարունակական կռիւի (continuous fight) եւ խառն կռիւի (mixed martial arts) միացեալ մարտաձեւերը: Օրուան իրաւարներն էին սենսէյ Վիգէն Չուքատարեան, սենսէյ Վաչէ Մարգարեան, սենսէյ

Ճորճ Մանուկեան եւ «Հայ Քաջ Տօ»ի հիմնադիր շիհան (մեծ վարպետ) Միհրան Աղուինեան: Կամաւոր ծնողներ օգնեցին ուտեստեղէնի վաճառքին:
Մասնակից 45 մարզիկները «Հայ Քաջ Տօ»ի անդամներ էին. մարզասրահը լեցուն էր «Հայ Քաջ Տօ»ի ընկերներով եւ մասնակիցներու ընտանեկան պարագաներով:
Մրցաշարքը սկսաւ կրտսերներու բաժանմունքով: Ալիք Աղուինեան (9 տարեկան) եւ Ժպիտ Մելքոնեան յայտնեցին, որ թէեւ մտահոգ էին, բայց շատ հաճելի էր մասնակցիլ այս մրցաշարքին՝ գիտնալով, որ ապահով մթնոլորտի մէջ են: Շանթ Արմէնեանը (9 տարեկան) առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ նման մրցումի մը: Ան, անակնկալի բերելով իր ընդիմադիրը՝ շատ արագ եւ համարձակօրէն կռուեցաւ: Մարզիկները մեծ գոհունակութեամբ տուն վերադարձան:
Պատանիներու մրցաշարքը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց. մասնակիցներուն համարձակ հարուածները յստակօրէն ցոյց կու տային անոնց տարիներու մարզումին արդիւնքը: Մանուէլ Սերայտարեան (16 տարեկան) իր տարիներու «Հայ Քաջ Տօ»ի փորձառութենէն մեկնելով՝ ըսաւ. «Օտար շրջանակի մէջ կռուելէն տարբեր է այստեղ: Բոլորս ընկերներ ենք եւ հանդիսատեսները հաւասարապէս կը քաջալերեն բոլորը»:

Սեմբա (աւագ մարզիկ) Վրէժ Չուքատարեան, որ բազմաթիւ մրցաշարքերու մասնակցած է, ախոյեան հանդիսացած է ու խառն կռիւի մասնագէտ է, բարձր գնահատեց սոյն մրցաշարքի որակն ու մակարդակը:
Հարկ է նշել, թէ «Հայ Քաջ Տօ» կը քաջալերէ հայեցի դաստիարակութիւնը: Մարզիկները յաճախ կը մասնակցին հայոց պատմութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան դասընթացքներու:
«Հայ Քաջ Տօ»ի իրաւարարները երեք յատուկ մրցանակներ յատկացուցած էին սոյն մրցաշարքին.
Տիգրան Մեծ Հայաստանի թագաւորն էր ք.ա. 95էն մինչեւ իր մահը եւ արժանացած է «Արքայից արքայ» տիտղոսին, հանդիսանալով Արտաշիսեան հարստութեան հզօրագոյն ներկայացուցիչը: «Տիգրան Մեծ» մրցանակին արժանացաւ Կերի Ժամկոչեանը, անպարտելի կեցուածք եւ քաջութիւն ցուցաբերելուն համար:
Վարդան Մամիկոնեան 5րդ դարու հայ զօրավար էր, հայոց զօրքերու սպարապետ, եւ հայ ազատագրական շարժման առաջնորդ: «Վարդան Մամիկոնեան» մրցանակին արժանացաւ Սագօ Գաթըրճեան, կռիւի ընթացքին ճշգրիտ «դիւանագիտական» մօտեցում ցուցաբերելուն համար:
Մուշեղ Մամիկոնեան եւս հայ զօրավար եւ հայոց բանակի սպարապետ էր: «Մուշեղ Մամիկոնեան» մրցանակին արժանացաւ Թալին Վարդանեան՝ կամքի զօրութեան, յարատեւ կռուելու պատրաստակամութեան եւ բարձր գիտակցութեան համար:
Միօրեայ մրցաշարքը տեւեց 8 ժամ: Իւրաքանչիւր մարզիկ տուն վերադարձաւ իր կամ ընկերոջ յաղթանակով հպարտ: Ապրի՛ն «Հայ Քաջ Տօ»ի հայ քաջերը:
(Թղթակցութիւնը՝
«Հայ Քաջ Տօ»էն)