– Իրաքի սահմանին մօտերը գտնուող շրջանի մը մէջ, թուրք զինուորներ Երեքշաբթի, Փետրուար 14ին զինեալ ընդհարում մը ունեցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու հետ, որուն հետեւանքով՝ սպաննուած են առնուազն 10 քիւրտ զինեալներ եւ թրքական բանակէն երկու զինուորներ: Վիրաւորուած են նաեւ չորս այլ զինուորներ:
– Շարունակելով քրտամէտ գործիչներու դէմ իր գործողութիւնները՝ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Փետրուար 13ին ձերբակալած է 130 հոգի: Նաեւ, Պոլսոյ մէջ 41 հոգի ձերբակալուած է, Անգարայի մէջ՝ 18, Ատանայի մէջ՝ 13, Վանի մէջ՝ 14, Իզմիրի մէջ՝ 10, իսկ Տիարպեքիրի մէջ՝ 34: Մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ սկսած այս գործողութիւններուն հետեւանքով ձերբակալուած են աւելի քան 3000 կասկածելիներ, որոնց շարքին է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք յայտնի հասարակական գործիչ Ռակըպ Զարաքօլուն:
– Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակը հաստատեց, թէ Փետրուար 10ի երեկոյեան Էրտողան երկրորդ անգամ ըլլալով վիրահատութեան ենթարկուած է։ Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Նոյեմբեր 26ի աղիքներու վիրահատութենէն ետք նախատեսուած էր այլ միջամտութիւն մը, որ տեւած է 30 վայրկեան եւ յաջող անցած է»։