ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի Երեքշաբթի, Փետրուար 14ին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցի Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿի համագործակցութեամբ խաղաղապահ ուժեր Սուրիա ուղարկելու գաղափարին։ «ՄԱԿի, լիկային եւ մեր միջազգային գործընկերներուն հետ կը քննենք այն պայմանները, որոնց միջոցով խաղաղապահ ուժերը կրնան օգնել Սուրիոյ մէջ կայունութիւն հաստատելու, երբ հոն խաղաղութիւն հասատատուի», ըսաւ Քառնի։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ, խօսելով «Սուրիոյ բարեկամներու» ժողովին մասին՝ յայտնեց, որ այս խումբը, «ինչպէս մենք կը հասկնանք, կոչուած է Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթի միջոցով իշխանափոխութեան հասնելու։ Այս նպատակը այն է, որուն ռուսերը ընդդիմացան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ»։ Ըստ անոր, Ռուսիա այս պատճառով պիտի չընդգրկուի «Սուրիոյ բարեկամներու» խմբակին մէջ։ Դէպի Սուրիա խաղաղապահ ուժեր ղրկելու մասին հարցումի մը ուղղակիօրէն չպատասխանելով՝ Նուլընտ ըսած է, որ իր երկիրը «անկասկած կ՛աջակցի Արաբական լիկայի ղեկավար դերին»։ «Մեր ջանքերը այժմ ուղղուած են ամրապնդելու սուրիական ընդդիմութիւնը, որ խաղաղ ճանապարհով կը ձգտի իշխանափոխութեան հասնիլ», ըսած է ան՝ պնդելով, որ Ուաշինկթըն «Սուրիոյ ազատ բանակ»ին հետ պաշտօնական կապ չունի։
Նաեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ Երկուշաբթի օրուան միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա յոյս ունի, որ Սուրիոյ դէպքերը միջազգային հանրութիւնը չեն դներ արտակարգ քայլերու դիմելու պարտադրանքին տակ: «Սակայն եթէ օր մը որոշ բան պատահի, մենք պէ՛տք է դրացիի պէս վարուինք՝ օգնենք խաղաղ բնակիչներուն։ Միլիոնաւոր թուրքեր Սուրիոյ մէջ բարեկամներ ունին», ըսաւ Տաւութօղլու։ Քլինթըն ոչինչ աւելցուց թուրք նախարարի ըսածին՝ նշելով միայն, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ամէն ինչ լաւ ձեւակերպեց։
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին դատապարտած են Սուրիոյ մէջ «վարչակարգին կողմէ ժողովուրդին դէմ գործած բռնութիւնը՝ եւ համաձայնութիւն գոյացուցած են՝ Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ ճնշումը աւելցնելու նպատակով՝ յաւելեալ համակարգումի մը, ինչպէս նաեւ դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի զօրավիգ կանգնելու կարեւորութեան շուրջ»։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր անգամ մը եւս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կոչ ուղղեց իշխանութենէն հեռանալու՝ նշելով, որ Ասատ սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ։ Էրտողան Ռուսիան ու Իրանը քննադատեց՝ պնդելով, թէ անոնք դիտողի դիրքի վրայ կը մնան, Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնարարքներուն հանդէպ։
Չինաստանի վարչապետ Ուեն Ճիապաու յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմն ու քաոսը արգիլելու անմիջական կարիք կայ։ Չինաստանի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը չի ջանար սուրիական տագնապին մէջ որեւէ կողմ՝ ներառեալ Սուրիոյ կառավարութիւնը, պաշտպանել։
Արաբական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսա»չ թերթին յայտնեցին, թէ Փետրուար 24ին Թունուզի մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներու» ժողովին նպատակը Սուրիոյ հարցով արաբական նախաձեռնութեան միջազգային զօրակցութիւն ապահովելն է՝ ՄԱԿի մէջ արձանագրուած ձախողութենէն ետք։ Ըստ անոնց, մեծաթիւ մասնակցութեամբ նախատեսուած խորհրդաժողովին նախագահութիւնը ֆրանսական, թրքական եւ թունուզեան պիտի ըլլայ:
Թունուզեան աղբիւրներ կը նշեն նաեւ, որ խորհրդաժողովի նպատակներուն շարքին է՝ սուրիական ընդդիմութեան նկատմամբ որոշումի մը որդեգրումը:
Արաբական այլ աղբիւրներ «Շարք Աուսա»չին նշած են, որ խորհրդաժողովը Թունուզի մէջ գումարելու որոշումը, թուրքերուն եւ ֆրանսացիներուն միջեւ մրցակցութեան արդիւնք է։ Խորհրդաժողովին գաղափարը եկած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն, սակայն յետ քննարկումներու, գտնուած է միջին լուծում մը, ըստ որուն՝ Թունուզ պիտի հիւրընկալէ խորհրդաժողովը, իսկ անոր նախագահութիւնը կ՛ըլլայ ֆրանսա-թրքա-թունուզեան, մասնակցութեամբ՝ արաբական, իսլամական եւ եւրոպական երկիրներու։
Միւս կողմէ, բրիտանական «Կարտիըն» թերթը հաղորդեց, որ վարչապետ Քեմրըն հանդիպում մը պիտի ունենայ Սարքոզիի հետ, քննելու համար սուրիացի ըմբոստներուն աջակցելու միջոցները եւ «Սուրիական ազատ բանակ»ին զինուորական խորհուրդ տրամադրելու հարցը։