ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը, քանի մը օր առաջ Աթէնք կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յունահայութեան հետ հրապարակային հանդիպում մը ունենալով եւ ազատագրեալ Արցախի կտրած ուղին, ներկայ հանգրուանը եւ վաղուան հեռանկարները ներկայացնելով՝ ի միջի այլոց դիտել տուաւ, թէ Արցախի պայքարին խորքը քաղաքակրթական է, արժէքային ներհակ համակարգերու միջեւ բախումն է։
Նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնապէս գործի՛ մարդ է եւ այնքան ալ խօսքի վարպետ չի թուիր ըլլալ։ Բայց պարզ ու ժուժկալ բառերով՝ ան մատը դրաւ վէրքի մը վրայ, որ պատմական չարիքի եւ անէծքի ճակատագրականութեամբ բացուած է հայ քաղաքական մարմնին վրայ։
Արցախի նախագահին ախտորոշումով՝ հայութիւնը ըստ էութեան քաղաքակրթական պայքար կը մղէ երկրի մը դէմ, որ իր հասարակութեամբ եւ պետականութեամբ տակաւին կ՛ապրի աւատապետական դարաշրջանի մէջ։ Արցախի հայութիւնը, իր բոլոր ուժերը լարելով, անմնացորդ լծուած է պատերազմին պատճառած վէրքերն ու աւերները դարմանելու, երկիրը վերաշինելու՝ հայրենի հողը արգասաւորելու եւ ազատ, իրաւական, ժողովրդավարական ու անարատ կառավարման արժէքներով շնչող հասարակութիւն ու պետականութիւն կերտելու ժրաջան աշխատանքին։ Իսկ կողքին՝ Ատրպէյճանը ոչ միայն կը մսխէ բնութեան պարգեւած սեւ ոսկին, ոչ միայն իր օրը կը սպառէ բուռ մը արցախահայութեան դէմ ռազմագոռ յայտարարութիւններ եւ ահաբեկչական ոտնձգութիւններ կուտակելով, այլեւ գերին դարձած է հնադարեան աւատապետութիւնները յիշեցնող արժէքային համակարգի մը, ուր կրնան «աճիլ» եւ «ծաղկիլ» միայն… մենատիրութիւնն ու բռնապետութիւնը, ազատազրկումն ու անարդարութիւնը, պալատական զեխութիւնն ու ժողովրդային համատարած ընչազրկութիւնը։
Դաժան կենսափորձով ձեռք բերուած է Արցախի նախագահին իմաստուն ախտորոշումը, որ խարսխուած է ամբողջ արցախահայութեան պարտադրուած անհաւասար ուժերով եւ օրհասական պատերազմի դասերուն վրայ։ Ինչպէս որ Արցախեան շարժման շղթայազերծման օրերուն հայ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման պահանջին Ատրպէյճան պատասխանեց ահաբեկչութեամբ՝ հայերու զանգուածային սպանդով, այնպէս ալ մեր օրերուն՝ խաղաղ ու բանակցային ճանապարհով Արցախեան Հարցին արդար ու կայուն լուծում մը գտնելու հայկական վարքագծին ազերիական կողմը կը պատասխանէ… պատերազմի սպառնալիքով եւ Արցախը վերստին իր լուծին ենթարկելու ռազմատենչ քաղաքականութեամբ։
Միայն աւատապետական դարաշրջանին յատուկ արժէքային համակարգով կրնայ բացատրուիլ նման վարքագիծը, որ սեփական ժողովուրդին ու անոր նորահաս սերունդներուն մէջ այս աստիճան թոյն եւ մաղձ կը սրսկէ հայութեան հանդէպ՝ անարդար ու կործանարար, այլեւ անյոյս եւ անհեռանկար պատերազմի մը կրակին հետ խաղալով…
Ողբերգութիւն է ու դժբախտութիւն, որ Արցախի հայութիւնը երբեք չունեցաւ քաղաքակրթական միեւնոյն արժէքները դաւանող ազերի–թաթար հարեւան եւ խօսակից։ Ոչ միայն այսօր եւ մօտաւոր անցեալին, այլեւ խորհրդային դարաշրջանի սկզբնաւորութեան կամ ցարական տիրակալութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին։ Աւատապետական իր «աւանդութեանց» եւ «մշակոյ»չին կառչած՝ երէկ թաթար, իսկ այսօր ազերի անուանակոչուած հասարակութիւնը ի վիճակի եղաւ գոյն փոխելու եւ գաղափարախօսական ու աշխարհաքաղաքական ամէն համազգեստի պատշաճելու, բայց միշտ ալ անկարող գտնուեցաւ քայլ պահելու քաղաքակրթական յառաջադէմ արժէքներու հետ եւ, հետեւաբար, անփոփոխ պահեց աւատապետական «խմոր»ը իր քաղաքական մտքին։
Բայց միայն արցախահայութեան բաժին հանուած չեն այս ողբերգութիւնն ու դժբախտութիւնը։ Ըստ էութեան տարբեր չէ խորքը նոյնինքն հայեւթուրք յարաբերութեանց գորդեան հանգոյցին, որուն մէկ արտայայտութիւնն է ազերիական աւատապետութեան «պահպանում»ը։
Փաստօրէն քաղաքակրթական ներհակ արժէքներու միջեւ բախումը շարունակ պայմանաւորեց հայեւթուրք գոյակցութիւնը՝ ե՛ւ ասիական տափաստաններէն առաջին ներխուժողներու ժամանակաշրջանին, ե՛ւ Օսմանեան Կայսրութեան ստեղծման ու անկման դարերուն, ե՛ւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժամանակակից շրջանին։
Թերեւս գիտական եզրաբանութեամբ «աւատապետական» չի կրնար կոչուիլ այսօրուան Թուրքիոյ պետական ու քաղաքական համակարգը։ Բայց նաեւ անժխտելի իրողութիւն է եւ քաղաքական մտքի այսօրուան միջազգային տեսաբանները եւս համակարծիք են, որ Թուրքիոյ պարագային աւատապետական ժառանգութիւնը ինքզինք պահպանելու եւ վերարտադրելու՝ ժամանակակից «հանդերձանք» ընդունելով հանդերձ էապէս նոյնը մնալու շեշտակի կենսունակութիւն մը ունի։
Այդպէս էր Քեմալականութեան արշալոյսին, երբ թրքական բանակի մարտունակ սպան սուլթանական ֆէսը փոխարինեց արեւմտեան գլխարկով։
Այդպէս էր Տեմիրէլներու եւ Էճեւիտներու փոխանցման շրջանին, երբ երկրէն ներս քրտական ու աշխատաւորական շարժումներու մարտունակ գործիչներու արեամբ կը ներկուէին Թաքսիմի հրապարակներն ու հարաւ–արեւելեան գաւառները։
Նոյնն էր Էվրէններու եւ Էօզալներու մօտաւոր անցեալին, երբ իբր թէ «ժողովրդավարութիւն»ը փրկելու կարգախօսքով՝ թուրք քաղաքական միտքը բանակային կամ գործարարական համազգեստով կը շլացնէր միջազգային հանրային կարծիքը։
Տարբեր չէ «չափաւորական իսլամութեան» պատմուճանով արաբական աշխարհը պառակտելու ելած, բայց երկրէն ներս ազգային փոքրամասնութեանց ձայնը աւելի քան երբեք բրտօրէն խեղդելու վարքագիծը շարունակող Էրտողաններու Թուրքիան։
Համայն հայութեան ողբերգութիւնն ու դժբախտութիւնն է, որ ճակատագրուած է գոյակցելու թրքացեղ հասարակութեանց հետ, որոնց քաղաքական միտքը ժառանգորդն է քաղաքակրթական այնպիսի՛ արժէքներու, որոնք կը բացառեն իրաւահաւասար դիրքերէ երկխօսութիւնն ու յանուն արդարութեան խաղաղ բանակցութիւնը։
Տխրահռչակ Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները աւելորդ անգամուան մը համար եկան փաստելու, որ հնադարեան աւատապետները բնորոշող կամակորութեամբ՝ այլամերժ թուրքը ի վիճակի է իրաւունքն ու արդարութիւնը տեսնելու, ըմբռնելու եւ ընդունելու միայն այն ատեն, երբ քաղաքակիրթ աշխարհի յառաջդիմութեան անփոխարինելի այդ արժէքները կապուած են իր… սուրին ծայրը։
Հայ քաղաքական միտքը չի կրնար դեդեւումներ թոյլատրել քաղաքակրթական արժէքներու բախման հետ հաշուի նստելու իր պարտաւորութեան մէջ՝ ամէն անգամ որ օրակարգի վրայ կը բերուի խաղաղ ճանապարհով հայեւթուրք յարաբերութեանց գորդեան հանգոյցը քակելու հրամայականը։
Մինչեւ որ միջազգային հանրութիւնը իր կարգին եւ ի վերջոյ կարենայ մատը դնել բուն վէրքին վրայ եւ յառաջ մղել էապէս նոր՝ քաղաքակրթական արժէքներու հետ քայլ պահող թրքացեղ հասարակութեանց առաջացման մեծ օրակարգը։